Ծիրանի ծառ

Գիր ու բառ, բուսաւ ծառ՝ երկու ճիւղով ծիրանի ծառ… Ծիրանի ծառ, ծիրանի ծառ, արմատները` Գրաբար… Ծիրանի ծառ, ծիրանի ծառ, երկար բունը` Աշխարհաբար… Ծիրանի ծառ, ծիրանի ծառ, ճիւղերէն՝ երկու նժար… Մէկուն մէջը արեգակ, միւսին մէջը լուսնակ, կարծես ըլլան ճօճանակ… Ճօճանակ, ճօճանակ, գնա՛ եկուր շարունակ՝ արեգակ, լուսնակ… Ճօճանակ, ճօճանակ, գնա՛ արի շարունակ՝ արեգակ, լուսնակ… Գիր ու բառ, […]
Թռչնագիր

Գլխուն վրայ վեղար մը, վեղարին վրայ թռչուննե՜ր… Տասը, քսան, երեսուն, երեսունվեց թռչուն, թռվռա՜ն, թռվռո՜ւն, թռվռա՜ն, թռվռո՜ւն… Աքլոր, հաւ, հնդկահաւ, աքլոր, հաւ, խայտահաւ, միրհաւ, մեղրահաւ, մինինիկ մեղրահաւ… Բադ, սագ, կարապ, բադ, սագ, սիրամարգ, կարապը ձիւնազարդ, սիրամարգը գեղազարդ… Սոխակ, սարեակ, թութակ, սոխակ, սարեակ, կաչաղակ, կռունկ, արագիլ, ծիծեռնակ, կռունկ, արագիլ, ծի՛ւ ծի՛ւ ծի՛ւ ծիծեռնակ… Ծառին ճիւղին ճնճղուկ, կարմրալանջ, […]
Ակռահատիկ

Ցորենի հատիկ, ակռահատիկ, Արամիկը ունի ատամիկ… Ակնոց, մկրատ, մատիտ ու գրիչ, Արամիկը դառնայ ոսկերիչ… Ո՛չ, ո՛չ, ուսուցիչ… Ցորենի հատիկ, ակռահատիկ, Արամիկը ունի ատամիկ… Ակնոց, մկրատ, մատիտ ու գրիչ, Արամիկը դառնայ ուսուցիչ… Ո՛չ, ո՛չ, նկարիչ… Ցորենի հատիկ, ակռահատիկ, Արամիկը ունի ատամիկ… Ակնոց, մկրատ, մատիտ ու գրիչ, Արամիկը դառնայ նկարիչ… Ո՛չ, ո՛չ, լուսանկարիչ… Ցորենի հատիկ, ակռահատիկ, Արամիկը […]
Տէր հօրը մօրուքը

Տէր հօրը մօրուքը, մտաւ մատեանին մէջը… Տէր հօրը մօրուքը՝ վա՛յ, մնաց մատեանին մէջը… Տէր հօրը մօրուքը, մտաւ ապուրին մէջը… Տէր հօրը մօրուքը՝ վա՛յ, մնաց ապուրին մէջը… Տէր հօրը մօրուքը, մտաւ աղմուկին մէջը… Տէր հօրը մօրուքը՝ օ՜հ, քը՜շ քշեց աղմուկը… Տէր հօրը մօրուքը, մտաւ վերմակին տակը… Տէր հօրը մօրուքը՝ յօրանջել, մնաց վերմակին տակը…
Մեծ հայրիկին հեքիաթը

Մեծ հայրիկին ցուցամատը երբ շարժի, աղմուկը ծխնելոյզէն կը փախչի… Մեծ հայրիկը պեխին տակէն կը ժպտի, կար ու չկար՝ հեքիաթը կը սկսի… Կը գլորի, կը գլորի, մեծ հայրիկին հեքիաթը գընտըլ մընտըլ, գընտըլ մընտըլ կը գլորի… Մեծ հայրիկին ցուցամատը երբ շարժի, աղմուկը ծխնելոյզէն կը փախչի… Մեծ հայրիկը պեխին տակէն կը ժպտի, կար ու չկար՝ հեքիաթը վերջ չունի… […]
Մայրիկին գրտնակը

Մայրիկին գրտնակը կը գլորի, մայրիկին գրտնակը կը գլորի, խմորը տակէն կը փախի, խմորը տակէն կը փախի… Խմորը փախաւ, փախլաւա՜, փեսան կերաւ, փախլաւա՜… Անուշ անուշ, թերթանուշ, անուշ անուշ, հազար անուշ… Մայրիկին գրտնակը կը գլորի, մայրիկին գրտնակը կը գլորի, խմորը տակէն կը փախի, խմորը տակէն կը փախի… Խմորը փախաւ, փախլաւա՜, հարսը կերաւ, փախլաւա՜… Անուշ […]
Զատիկ է

Մեր հաւուկը խատուտիկ է, գոյն գոյն հաւկիթ ածեր է… Այսօր մեզի կարմիր, կանանչ Զատիկ է… Կարմիր հաւկիթը կը գլորի, կանանչ հաւկիթը կը պտտի… Այսօր մեզի երգով խաղով, կարմիր, կանանչ Զատիկ է… Մաման չէօրէք թխեր է, պապան փիլաւ եփեր է… Այսօր մեզի համով հոտով, երգով խաղով, կարմիր, կանանչ Զատիկ է…
Հաւուկ հաւիկ

Հաւուկ, հաւիկ, խատուտիկ, կու տամ քեզի, կուտ կուտիկ… Կուտիկ ուտես, գիրուկնաս, հաւկիթ ածես ինծի տաս… Հաւուկ, հաւիկ, խատուտիկ, առանց քեզի չկայ Զատիկ… Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կարմիր հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց դեղին հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կանանչ հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կապոյտ հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց […]
Ախ ըլլայի ըլլայի

Ախ ըլլայի, ըլլայի, պզտիկ ձուկ մը ըլլայի… Ամբողջ օրը՝ չըլըփ չըլըփ, ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ, ուրախ զուարթ լողայի… Սուր կարթը… Փախի՛մ, փախիմ… Ախ ըլլայի, ըլլայի, պզտիկ ձուկ մը ըլլայի… Ամբողջ օրը՝ չըլըփ չըլըփ, ջուրին մէջը՝ չըլըփ չըլըփ, ուրախ զուարթ լողայի… Ուռկանը… Փախի՛մ, փախիմ… Ախ ըլլայի, ըլլայի, պզտիկ ձուկ մը ըլլայի… Ամբողջ օրը՝ չըլըփ չըլըփ, ջուրին […]
Արմաւենի ձիթենի

Թաթիկ, թաթիկ, ա՛ջ թաթիկ, մէջը պարտէզ ու տնկի… Թաթիկ, թաթիկ, ձա՛խ թաթիկ մէջը պարտէզ ու տնկի… Աջ թաթիկէն՝ արմաւենի, ձախ թաթիկէն՝ ձիթենի… Աջ թաթիկէն՝ արմաւենի, ձախ թաթիկէն՝ ձիթենի… Արմաւենի, ձիթենի, Ծառզարդար է այս կիրակի… Արմաւենի, ձիթենի, Ծաղկազարդ է այս կիրակի… Արմաւենի, ձիթենի, Ծաղկեպսակ ո՞վ ունի… Արմաւենի, ձիթենի, Ծաղկեպսակ Շուշիկը ունի՜… Արմաւենի, ձիթենի, Ծառզարդար է այս […]