Գլուխկոնծի

Ա՜խ, ախ, աջ ձեռքս կը ցաւի… Ո՛չ աջ ձեռքս, ձա՛խ ձեռքս կը ցաւի… Ոչ աջ ձեռքս, ոչ ձախ ձեռքս, աջ ո՛տքս կը ցաւի… Ոչ աջ ձեռքս, ոչ ձախ ձեռքս, ոչ աջ ոտքս, ձա՛խ ոտքս կը ցաւի… Ոչ աջ ձեռքս, ոչ ձախ ձեռքս, ոչ աջ ոտքս, ոչ ձախ ոտքս, փորի՛կս կը ցաւի… Ոչ աջ ձեռքս, ոչ […]
Ասեղ դերձան – բ

Կարմիր դերձան ունենայի, ասեղի ծակէն անցընէի… Ասեղի ծակէն անցընէի, կարմիր հագուստ կարէի… Ասեղ դերձան, թելթելակար, ասեղ դերձան, մասմաքուրկար… Կանանչ դերձան ունենայի, ասեղի ծակէն անցընէի… Ասեղի ծակէն անցընէի, կանանչ գօտիկ կարէի… Ասեղ դերձան, թելթելակար, ասեղ դերձան, մասմաքուրկար…
Ասեղ դերձան – ա

Կարմիր դերձան ունենայի, ասեղի ծակէն անցընէի… Ասեղի ծակէն անցընէի, կարմիր շապիկ կարէի… Ասեղ դերձան, թելթելակար, ասեղ դերձան, մասմաքուրկար… Կանանչ դերձան ունենայի, ասեղի ծակէն անցընէի… Ասեղի ծակէն անցընէի, կանանչ գօտիկ կարէի… Ասեղ դերձան, թելթելակար, ասեղ դերձան, մասմաքուրկար…
Գաթահարսիկ

Ալիւրի պարկէն ելեր է, լուսափայլ գոգնոցը կապեր է, մեզի գաթայ թխեր է… Գաթահարսիկ, խմորէ թաթիկ, ալիւրի պարկէն մեզի բարիք… Ալիւրի պարկէն ելեր է, լուսափայլ գոգնոցը կապեր է, ձեզի գաթայ թխեր է… Գաթահարսիկ, խմորէ թաթիկ, ալիւրի պարկէն ձեզի բարիք… Ալիւրի պարկէն ելեր է, լուսափայլ գոգնոցը կապեր է, բոլորին գաթայ թխեր է… Գաթահարսիկ, խմորէ թաթիկ, ալիւրի […]
Ճախարակ

Ճախարակ, ճախարակ, դարձիր, դարձիր, շարունակ… Ճախարակ, ճախարակ, մանէ, մանէ, բուրդ բամպակ, բուրդ բամպակ, բուրդ բամպակ… Ճախարակ, ճախարակ, դարձիր, դարձիր, հակառակ… Ճախարակ, ճախարակ, մանէ, մանէ, յուշ յիշատակ, յուշ յիշատակ, անուշ յիշատակ… Ճախարակ, ճախարակ, դարձիր, դարձիր, շարունակ… Ճախարակ, ճախարակ…
Օրօր

Արցունքները թիթեռ դառնան, ծաղիկները բարձիկ դառնան… Փչէ հովիկ, յուշիկ յուշիկ, օրօր օրօր, մշիկ մշիկ… Թիթեռ, ծաղիկ, փափուկ բարձիկ, պարտէզին մէջ անուշ քունիկ… Փչէ հովիկ, յուշիկ յուշիկ, օրօր օրօր, մշիկ մշիկ…
Գոց աչուկ բաց աչուկ

Մէկ երկու, գոց աչուկ… Երեք չորս, աչխփուկ… Հինգ վեց, բաց աչուկ… Եօթը ութ, պահուըտուք… Ինը տասը, ծակ ու ծուկ… Մէկ երկու, ես աչխփուկ… Երեք չորս, դուն պահուըուք… Հինգ վեց, բաց աչուկ… Եօթը ութ, փնտռտուք… Ինը տասը, ծի՛կ, փաթթո՛ւկ…
Շուք շուք

Արեւուն տակ հետս կը քալէ շարունակ… Երբեմն առջեւէս, վիզը երկա՜ր ընձուղտի նման… Երբեմն ետեւէս, գիրուկ միրուկ արջուկի նման… Երբեմն ալ աջ կողմէս կամ ձախ կողմէս, սուսիկ փուսիկ փիսիկի նման… Շո՛ւք, շո՛ւք, հետս կը քալես անշշուկ… Արեւուն տակ հետս կը խաղայ շարունակ… Կը ցատկէ, կը ցատկռտէ, կրկէսէ փախած կապիկի նման, ի՛նչ որ ընեմ կը կապկէ եւ […]
Հանելուկ՝ ա՞ջ թէ ձախ

Հանելուկ է, մտածէ՜, պատասխանը արդեօք ո՞ւր մտած է… Այն ո՞վ է… Ցախաւելով փոշին կ՚աւլէ, կ՚աւելցնէ՜… Ցախաւելը ձա՞խ ձեռքին, թէ աջ ձեռքին… Աջ ձեռքին կամ ձախ ձեռքին… Ձա՛խ ձեռքին, ոչ աջ ձեռքին… Ցախաւելը Շուշիկին… Ցախաւելը ձա՞խ ձեռքին, թէ աջ ձեռքին… Աջ ձեռքին կամ ձախ ձեռքին… Ձա՛խ ձեռքին, ոչ աջ ձեռքին… Ցախաւելը Նուշիկին… յ․գ․ Այն երեխան, որուն […]
Հանելուկ՝ ո՞վ ինկաւ

Հանելուկ է, մտածէ՜, պատասխանը արդեօք ո՞ւր մտած է… Այն ո՞վ է… Կանանչ ապուր միշտ կ’եփէ… Կանանչ ապուր միշտ կ’ուտէ… Եթէ չգիտնաս, չըլը΄փ, չըլը΄փ, տաք ապուրին մէջ կ’իյնաս… – Չըլը΄փ, չըլը΄փ ո՞վ ինկաւ… – Չըլը΄փ, չըլը΄փ Շուշի՛կը ինկաւ… – Չըլը΄փ, չըլը΄փ ո՞վ ինկաւ… – Չըլը΄փ, չըլը΄փ Նուշի՛կը ո՞վ ինկաւ… յ․գ․ Այն երեխան, որուն անունը կը տրուի, […]