հտպիտը

այն ո՞վ է… կարմիր քիթ, մեծ բերան, փրփուր մազ, ծա՛կ գլխարկ… կարմիր քիթ, մեծ բերան, փրփուր մազ, ծա՛կ գլխարկ, մէջէն ելաւ նապաստա՛կ… հտպիտը մէյ մը ուրախ, մէյ մը տխուր… մէյ մը կը խնդա՜յ, մէյ մը կու լա՜յ… հտպիտին գլուխը մէկ դէպի վար, մէկ դէպի վեր… ե՜ւ… չի՛կ չի՛կ, կարմիր քիթը չի՛կ… չի՛կ չի՛կ, կարմիր քիթը […]
գայլը

ես կը խաղամ սենեակին մէջ երբ որ գայլը հոս չէ, գա՛յլ, գա՛յլ, ո՞ւր ես դուն… տաբատս կը հագնիմ… դուն կը խաղաս սենեակին մէջ երբ որ գայլը հոս չէ, գա՛յլ, գա՛յլ, ո՞ւր ես դուն… շապիկս կը հագնիմ… ան կը խաղայ սենեակին մէջ երբ որ գայլը հոս չէ, գա՛յլ, գա՛յլ, ո՞ւր ես դուն… կօշիկներս կը հագնիմ… մենք […]
հաւնոցը

այն ո՞վ է… կո՛ւտ կ՚ուտէ, հաւկի՛թ կ՚ածէ… կը՛տ կը՛տ կըտակ, հաւկիթ մը տաք տա՜ք… երկու հաւկիթ տաք տա՜ք… երեք հաւկիթ տաք տա՜ք… չորս հաւկիթ տաք տա՜ք… հինգ հաւկիթ տաք տա՜ք… վեց հաւկիթ տաք տա՜ք… եօթը հաւկիթ տաք տա՜ք… ութը հաւկիթ տաք տա՜ք… ինը հաւկիթ տաք տա՜ք… տասը հաւկիթ տաք տա՜ք… ճերմակ հաւուն տա՛կ… այն ո՞վ […]
մատիկները

մատի՜կ մատի՜կ, մէկ հատ մատիկ՝ բթամատիկ… մատի՜կ մատի՜կ, երկու հատ մատիկ՝ բթամատիկ եւ ցուցամատիկ… մատի՜կ մատի՜կ, երեք հատ մատիկ՝ բթամատիկ, ցուցամատիկ եւ միջնեմատիկ… մատի՜կ մատի՜կ, չորս հատ մատիկ՝ բթամատիկ, ցուցամատիկ, միջնեմատիկ եւ մատնեմատիկ… մատի՜կ մատի՜կ, հինգ հատ մատիկ՝ բթամատիկ, ցուցամատիկ, միջնեմատիկ, մատնեմատիկ եւ ճկոյթ մատիկ… եկա՜ն, եկա՜ն հինգ հատ մատիկ… եկա՜ն, եկա՜ն սուսիկ փուսիկ ե՜ւ… […]
հացիկը

բթամատիկը ալի՛ւր մաղեց, ալի՛ւր մաղեց… ցուցամատիկը խմո՛ր շաղեց, խմո՛ր շաղեց… միջնեմատիկը թոնի՛րը վառեց, թոնի՛րը վառեց… մատնեմատիկը հացի՛կ թխեց, հացի՛կ թխեց… ճկոյթիկը հա՛մ, հացիկը կերա՜ւ… ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով, հացիկը ուտեմ պանիրով… դեղի՛ն պանիր, ծա՛կ ծա՛կ պանիր… ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով, հացիկը ուտեմ պանիրով եւ լոլիկով… լոլիկը կարմիր է, գլխարկը կանանչ է… ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով, հացիկը ուտեմ պանիրով, […]
Օձախաղ

Պարանի պէս երկար պոչով Պարոն կանանչ օձ, աչքին առանց կոթի ակնոց, որոշեց դառնալ գրոց բրոց… Պարանի պէս երկար պոչով Պարոն կանանչ օձ, աչքին առանց կոթի ակնոց, սողաց սողաց, մտաւ դպրոց, սսսակայն պոչին ծայրը մնաց փողոց…
Անձրեւը

Անձրեւ է, անձրեւ է, ըսաւ մուկը, մտաւ ծակը… Հոգս չէ, հոգս չէ, ըսաւ ձուկը, շարժեց պոչը… Մուկը ծակը, ձուկը ծովը, ըսէ ինծի՝ ո՞վ է թացը… Մո՞ւկը թէ ձուկը… Ձո՞ւկը թէ մուկը… Մո՞ւկը թէ ձուկը… Ձո՞ւկը թէ մուկը… Հապչի՛…
Ապուրը

Ծուռ տանիքով տնակին առջեւ պարտէզ մը կար… Պարտէզին մէջ ո՛չ ծառ կար, ոչ ալ ծաղիկ, այլ՝ եղինջ, միայն միմիայն փո՛ւշ փո՛ւշ եղինջ… Ամեն ուրբաթ, կէս գիշերէն մէկ ժամ առաջ, ծուռ տանիքին ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէր… ժա՛մն էր, կուզ վհուկը ապո՛ւր կ՚եփէր՝ եղինջի՛ ապուր, կանա՛նչ ապուր… Ցախաւելին երկա՜ր կոթով կանանչ ապուրը կը խառնէր ու խռպոտ ձայնով կը […]
Գրպանիս մէջ

Գրպանիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ… Մէկ երկու, երեք չորս, հինգ վեց, եօթը ութ, ինը չամի՛չ… Ինը չամիչ, քիչ է, քիչ… Մէկ երկու, երեք չորս, հինգ վեց, եօթը ութ, ինը տասը, տասը չամի՛չ… Տասը չամիչ, յետոյ ի՞նչ… Մէկ երկու երեք, չորս հինգ վեց, եօթը ութ ինը, տասը չամիչ, մէկ հատ ալ նարինջ… Գրպանիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ… […]
Երեք թագաւոր

Թագաւոր, թագաւոր, երեք թագաւոր, արեւելքէն կու գան ուղտերով, լեռնէն ձորէն, անապատէն, փայլուն աստղին հետեւելով… Երկինքին մէջ լուաստղը, լուսաստղին տակ ախոռը, ախոռին մէջ մսուրը, մսուրին մէջ՝ լո՛յս Մանուկը… Թագաւոր, թագաւոր, երեք թագաւոր, արեւելքէն կու գան ընծաներով՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս, Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար կ’երթան նորածին Մանուկին քով…