Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Այստեղ ներկայացուած վարժութիւնները պատրաստուած են Զարդիս մատենաշարի գիրքերը որպէս կրթական ծրագիր գործածելու համար։ Վարժութիւններու ընդհանուր քանակ՝ 236
Քառակուսիէն դուրս

Կլոր, քառակուսի, եռանկիւն… Եւ տակաւին ուրիշ շատ ձեւեր։
Արեւ, արեւ

Փայլակ Միքայէլեանի վէպը նախ հրատարակուած է որպէս թերթօն Փարիզի «Յառաջ» թերթին մէջ 1932 թուականին, ապա՝ լոյս տեսած է առանձին հատորով՝ «Յառաջ» մատենաշարէն, 1933-ին։ Վէպը կը պատկանի Փարիզի մէջ ծայր տուած սփիւռքահայ գրականութեան առաջին սերունդին, անոր մէջ կայ «ամբողջական նկարագիրը որբերու, մենակեացներու, տնանկներու», ինչպէս կ՚ըսէ նոր հրատարակութեան յառաջաբանը, գրուած բանաստեղծ ու գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ։
Անձրեւոտ օրեր

Որբունիի «Անձրեւոտ օրեր» հատորը առաջին անգամ լոյս տեսած է Փարիզ, 1958 թուականին։ Յետպատերազմեան տարիներու ֆրանսահայ գաղութէն պատկերներ հաւաքող՝ տասնհինգ պատմուածքներէ բաղկացած ժողովածու մըն է։
Վարձու սենեակ

Վարձու սենեակ պատմուածքներու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1939-ին, Փարիզի մէջ։ Որբունիի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի հայ գաղութի կեանքէն պատկերներ։ Գիրքին վերջաւորութեան կայ նաեւ Զարեհ Որբունիի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Անջրպետի մը գրաւումը

«Անջրպետի մը գրաւումը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1928-ին, Փարիզի։ Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնները ընթերցողին կը ներկայացնեն սփիւռք դառնալու փորձառութիւնը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են «Սփիւռք մատենաշար»-ը ներկայացնող Մարկ Նշանեանի ընդհանուր նախաբանը եւ գիրքի խմբագիր Արթուր Անդրանիկեանի յատուկ յառաջաբանը։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նիկողոս Սարաֆեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Խոնարհները

Խոնարհները վերնագիրով եւ հինգ պատմուածքներէ բաղկացող ժողովածու մը հրատարակուած է 1920-ին, Պոլսոյ մէջ, իսկ լման հրատարակութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1958-ին Պէյրութի մէջ։ Խոնարհները ընթերցողին կը ներկայացնէ գիւղի կեանքը, զանազան «խոնարհ» մարդոց կեանքերու ընդմէջէն։ Գիրքի վերջաւորութեան կայ նաեւ Յակոբ Օշականի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Հայ աղբրտիք

Հայ աղբրտիք արձակ ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1941-ին Փարիզի մէջ։ Պէշիկթաշլեանի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ զանազան քաղաքներու հայ կերպարներ՝ պոլսեցի, վանեցի, ակնցի, կեսարացի, իզմիրցի եւ շատ ուրիշներ։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նշան Պէշիկթաշլեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Կը հրաժարիմ հայութենէ

Կը հրաժարիմ հայութենէ վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1949-ին, Փարիզի մէջ։ Փօլատեանի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի մէջ հաւաքուած մի քանի երիտասարդի պատմութիւնը։ Ի՞նչ կը պատահի երբ անոնցմէ մէկը յուսահատի իր շրջապատէն։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Կարօ Փօլատեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը

Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը գիրքը ընթերցողը կը տանի կենդանիներու աշխարհ մը, ուր գայլը վերջապէս կը հանդիպի իրմէ աւելի ուժովին։ Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։