Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Մարիօ Ռամոս
(1958-2012)

Ծնած եմ 1958-ին Պրիւքսէլ։ Մայրս Պելճիքացի էր, իսկ հայրս՝ Փորթուկալցի:

Մանկութեան օրերուս, անտառին ծայրը գտնուող մեծմօրս տան մէջ եւ երբեմն ալ Փորթուկալի արեւոտ օրերուն կը վայելէի արձակուրդներս։

Բոլոր երեխաներուն պէս, ես ալ կը գծէի։ Պարզապէս, ես երբեք չդադրեցայ գծելէ։

Գծագրութիւնը կեանքս կը դիւրացնէր։ Միշտ հմայուած եմ, թէ փոքրիկ գծագրութեամբ մը որքա՛ն շատ զգացում կարելի է արտայայտել։

Մեր պարտականութիւնն է թափառուն գաղափարները տեսանելի դարձնել։

 

«Ինծի համար պատմութիւնը պատկերներով արտայայտել ամենէն հետաքրքրական բանն է։ Մատիտով եւ թուղթով ամէն բան կարելի է ստեղծել, նոյնիսկ՝ կախարդանք»։

Մարիօ Ռամոս

աւելին

Մարիօ Ռամոս

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք եւ ինքնացում

Վերլուծումներ
Սփիւռք մատենաշար

Կը հրաժարիմ հայութենէ

Վէպ

Ինքնութիւն – Սփիւռք

Փորձագրութիւն

Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ

Մանկավարժական ուսումնասիրութիւն