մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Տարիք՝ 12-18
Բնագիր՝ War Horse (Անգլերէն)
Թարգմանիչ՝ Արազ Գոճայեան
Էջերու քանակ՝ 220
Հրատարակիչ՝ Նոր Յառաջ
Հրատարակութեան թուական` 2020

Ռազմաձի

Վէպ

Յարդը գրեթէ հաւաքուած էր, երբ իրիկուն մը զինուորները անգամ մը եւս եկան։ Մեր ախոռին մէջն էինք, երբ մօտեցող սմբակներու ձայնը եւ խճաքարերուն վրայ անիւներու խժլտուքը լսեցինք ու հասկցանք որ ձիաշարքը բակ մտած էր։ Ձիերը վեցական կարգով լծուած էին ծանր թնդանօթներու եւ կանգ առին սպառած, փչելով ու փքացնելով։ Ամէն մէկ ջուխտ ձի կ՚առաջնորդուէր իրենց մոխրագոյն գլխարկներուն տակ խոժոռ եւ խիստ դէմքեր ցոյց տուող մարդոց կողմէ։ Շուտով նկատեցի որ ասոնք քանի մը շաբաթ առաջ մեկնած ազնիւ հերթապահները չէին։ Ասոնց դէմքերը տարօրինակ եւ բիրտ էին, իսկ աչքերնուն մէջ նոր ահազանգի հապշտապ զգացում մը կար։ Քիչերը կը խնդային, կամ նոյնիսկ կը ժպտէին։ Ասոնք մեր հանդիպած մարդոց տեսակէն տարբեր տեսակ մըն էին։ Իրենցմէ միայն մէկ հոգի, տարիքոտ զինուոր մը որ ռազմամթերքի կառքը կը վարէր, մօտեցաւ ու փայփայեց մեզ եւ ազնուութեամբ խօսեցաւ փոքրիկ Էմիլիին հետ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի մահացու քաոսին մէջ, խրամատներու երկու կողմէն՝ Ճոոուի անունով ձի մը ականատես կ՚ըլլայ կռիւներու իրականութեան։ Ճոուին կը պատմէ սարսափազդու փորձառութիւններու ընդմէջէն վերապրող բարեկամութիւններու մասին։ Գիտէ պատերազմի ցնցիչ ուժը եւ խաղաղութեան գեղեցկութիւնը։ Այս գիրքը իր պատմութիւնն է։

Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Տարիք՝ 12-18
Բնագիր՝ War Horse (Անգլերէն)
Թարգմանիչ՝ Արազ Գոճայեան
Էջերու քանակ՝ 220
Հրատարակիչ՝ Նոր Յառաջ
Հրատարակութեան թուական` 2020

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Յանուն հօր եւ որդւոյ

Վէպ

Բոպիկ տոտիկ

Մանկական գրքոյկ

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն
Զարդիս մատենաշար

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ