մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

կօշիկը եւ կօշիկը

կօշիկ, կօշիկ,
կարմիր կօշիկ․

կօշիկ, կօշիկ,
կապոյտ կօշիկ․

կարմիր կօշիկը ըսաւ
կապոյտ կօշիկին․

– ես կրունկ ունիմ,
  դուն չունիս․

կապոյտ կօշիկը ըսաւ
կարմիր կօշիկին․

– ես կապ ունիմ,
  դուն չունիս․

կա՛պ ունիս,
կրունկ չունիս․

կրունկ չունիս,
կա՛պ ունիս․

կօշիկները կատղեցան,
կօշիկները կռուեցան․

կրո՛ւնկ ունիս,
կապ չունիս․

կապ չունիս,
կրո՛ւնկ ունիս,

կօշիկները կատղեցան,
կօշոիկները կռուեցան․

եկաւ մայրիկը,
հագաւ
կարմիր կօշիկը,
կրունկով կօշիկը․

եկաւ հայրիկը,
հագաւ
կապոյտ կօշիկը,
կապով կօշիկը․

հայրիկ, մայրիկ,
թեւ թեւի,
կօշիկ, կօշիկ
քով քովի,
քալեցին առա՛նց կռիւի․

բոպի՛կ տոտիկ,
ո՞ւր է
կարմիր կօշիկ,
կրունկով կօշիկ․

մազո՛տ տոտիկ,
ո՞ւր է
կապոյտ կօշիկ,
կապով կօշիկ․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Կոտոշ կոտոշ

Խնոցի

Սառնարանը

Այլ նիւթեր՝

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն

Մրջիւններու վերջալոյսը

Վէպ
Սփիւռք մատենաշար

Անձրեւոտ օրեր

Վէպ

Փոքրիկ Նիկոլը

Պատանեկան պատմութիւններ