մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

հաւնոցը

այն ո՞վ է…

կո՛ւտ կ՚ուտէ,
հաւկի՛թ կ՚ածէ…

կը՛տ կը՛տ կըտակ,
հաւկիթ մը տաք տա՜ք…
երկու հաւկիթ տաք տա՜ք…
երեք հաւկիթ տաք տա՜ք…
չորս հաւկիթ տաք տա՜ք…
հինգ հաւկիթ տաք տա՜ք…
վեց հաւկիթ տաք տա՜ք…
եօթը հաւկիթ տաք տա՜ք…
ութը հաւկիթ տաք տա՜ք…
ինը հաւկիթ տաք տա՜ք…
տասը հաւկիթ տաք տա՜ք…
ճերմակ հաւուն տա՛կ…

այն ո՞վ է…

կո՛ւտ կ՚ուտէ,
հաւկի՛թ չ՚ածեր…

կու կու լի կո՜ւ,
ծուղրուղո՜ւ…
առտո՜ւ է, առտո՜ւ…

հաւ
աքլոր
հաւկիթ

հաւ
աքլոր
ճուտի՛կ
ծի՛կ

հաւ
աքլոր
աղուէ՜ս

գո՜ղ աղուէսիկ,
պոչիկը ծաղիկ…

աղուէսիկը
պիտի գայ…

թող գայ,
թող չգայ,
թող գայ,
թող չգայ…

կը՛տ, կը՛տ, կուտի՛կ…
կը՛տ, կը՛տ, հաւկի՛թ…

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Աղուէսը

Զատիկ

Հաւնոցի խաղ

Ցիրուցան

Այլ նիւթեր՝

Բարի եկար Նուրին

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Փիլիպարտէզ

Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութիւն

Օտարութեան Փորձընկալումը

Փիլիսոփայական