մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

աչխփուկ, պահուըտուք

գոց աչուկ,
ես աչխփուկ…

բաց աչուկ,
դուն պահուըտուք…

մէկ երկու,
գո՛ց աչուկ,
երեք չորս,
աչխփո՛ւկ,
հինգ վեց,
բա՛ց աչուկ,
եօթը ութը,
պահուըտո՛ւք,
ինը տասը,
ծակ ու ծո՛ւկ…

պըճինկօ՛

մուկը ծակին մէջը…

կատուն պահարանին վրայ…

շունը սեղանին տակը…

նապաստակը գլխարկին մէջը…

կապիկը ծառին վրայ…

արջուկը վերմակին տակը…

իսկ երեք խոզուկնե՞րը…

վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ…
ցեխին մէջը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

աչխփուկ, պահուըտուք

Այլ նիւթեր՝

Կշռական հատում

Փորձագրութիւն

Լկրտածը

Վէպ
3335

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ

Ծափ ծափիկ

Մանկավարժական երաժշտութեան ծրագիր