մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Ծայրը ո՞ւր է

Երկար է,
կլոր է,
խմոր է,
խառնիխուռն է,
ծայրը ո՞ւր է…

Երկար է,
կլոր է,
խմոր է,
խառնիխուռն է,
մէկ ծայրը՝
քովս է,
միւս ծայրը՝
Շուշիկին քովն է…

Երկար է,
կլոր է,
խմոր է,
խառնիխուռն է,
ծայրը ո՞ւր է…

Երկար է,
կլոր է,
խմոր է,
խառնիխուռն է,
մէկ ծայրը՝
քովս է,
միւս ծայրը՝
Նուշիկին քովն է…

յ․գ․

Խաղիկը կրկնել
ձեւերով եւ ծափերով…

Այն երեխան
որուն անունը կը նշուի
խաղիկին վերջաւորութեան,
յաջորդ անգամ,
ի՛նք պէտք է
ուրիշ երեխայի մը անունը տայ
ու խաղիկը կը շարունակուի
երկարակլորախմորածակի նման…

Յանկարծ եթէ մէկը սխալի,
ամբողջ խումբը
սվսվացնելով
պէտք է բերնին մէջ սահեցնէ
երկարակլորախներածակը
կրկնելով՝
փորիկիս մէջը, փորիկիս մէջը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը

Փիլիսոփայական

Երդիք

Մանկական տեսերիզներու ծրագիր

Բագին

Տարոսիկ

Եղանակներու եւ տօներու տարեկան ծրագիր