մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Կարագը

Մաման գնաց հանրախանութ…
Տեսակ տեսակ
պանիր տեսաւ,
շուարեցաւ…
Ասի՞ առնէ,
թէ անի առնէ…

Ֆրանսակա՞ն պանիր,
թէ հոլանտական պանիր…

Պուլկարակա՞ն պանիր,
թէ իտալական պանիր…

Յունակա՞ն պանիր,
թէ հայկական պանիր…

Դեղի՞ն պանիր,
թէ ճերմակ պանիր…

Հոտա՞ծ պանիր,
թէ հալած պանիր…

Ծակ ծա՞կ պանիր,
թէ թել թել պանիր…

Այծի՞ պանիր,
թէ ոչխարի պանիր…

Մաման գնաց հանրախանութ…
Տասնչո՛րս տեսակ
պանիր առաւ
ու տուն եկաւ…

Տուն հասաւ
տոպրակը բացաւ
ու ըսաւ՝

– Վա՛յ,
    կարա՛գը մոռցայ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն

Նկարչութեան դասական դպրոցները եւ արդի ձգտումները

արուեստի պատմութիւն

Բառ ու պար

Զարդիս մատենաշար

Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ

Մանկապատանեկան վիպակ