մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Ճնճղուկը

Ճնճղուկը
ճստիկ էր,
սակայն ձայնը
ամբողջ աշխարհը
կը լսէր…
Ճի՛ւ, ճի՛ւ,
ճիւ ու ճիւ…

Ճստիկ ճնճղուկը
մի՛շտ կ’երգէր,
սակայն երգել
չէր գիտեր…
Ճի՛ւ, ճի՛ւ,
ճիւ ու ճիւ…

Ճստիկ ճնճղուկը
սխալ կ’երգէր,
բոլորին գլուխը
կ’արդուկէր…
Ճի՛ւ, ճի՛ւ,
ճիւ ու ճիւ…

Ճստիկ ճնճղուկը
սխալ մխալ
մի՛շտ երգեց,
օր մըն ալ յանկա՛րծ՝
գեղգեղե՜ց…
Ծի՛ւ, ծի՛ւ
ծիւ ու ծիւ…
Ծի՛ւ, ծի՛ւ
ծի՛տ ու ծիւ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Բարեւ կրիայ

Մանկական գրքոյկ
Զարդիս մատենաշար

Գորալին

Մանկապատանեկան վիպակ
Երդիք

Ակուլ Տուկուլ

Նշանս

Մանկապատանեկան վիպակ