մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Պալատին խաղը

Թագաւորը հարցուց թագուհիին,
թագուհին հարցուց իշխանին,
իշխանը հարցուց իշխանուհիին՝
ի՞նչ է անունը այս խաղին…

Իշխանուհին պատասխանեց իշխանին,
իշխանը պատասխանեց թագուհիին,
թագուհին պատասխանեց թագաւորին՝
պէտք է հարցնել սպարապետին…

Ձի ձի,
ճերմակ ձի…
Ձի ձի,
սեփ սեւ ձի…

Թամբը, սանձը,
սպարապետը…
Թամբը, սանձը,
ասպետները…

Ասպե՛տ,
սպարապե՛տ…
Ճատրակ,
ճակատամարտ…

Ասպե՛տ,
սպարապե՛տ…
Ճատրակ,
ճակատամարտ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Ա.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն
Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

Խաղ ու մաղ

Խաղերու շարք
Զարդիս մատենաշար

Վերջին հսկաները

Մանկապատանեկան վիպակ