մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Արեւ լուսին աստղ

Աղջիկ, աղջիկ,
ոսկի՛ աղջիկ…
Մազերդ սանտրեմ,
ծամերդ հիւսեմ…
Ծամերդ հիւսեմ,
աստղերուն կապեմ…

Աստղերը
քեզ օրօրե՜ն,
յուշիկ յուշիկ քեզ օրօրե՜ն…
Արեւ լուսին աստղ…
Արեւ լուսին աստղ…

Աղջիկ, աղջիկ,
ոսկի՛ աղջիկ…
Մազերդ սանտրեմ,
ծամերդ հիւսեմ…
Ծամերդ հիւսեմ,
աստղերուն կապեմ…

Աստղերը
օրօ՜ր երգեն,
յուշիկ յուշիկ օրօ՜ր երգեն…
Արեւ լուսին աստղ…
Արեւ լուսին աստղ…

Աղջիկ, աղջիկ,
ոսկի՛ աղջիկ…
Ցերեկը արեւ,
գիշերը լուսին,
իսկ հիմա
մշի՜կ մշիկ անկողին…

Արեւ լուսին աստղ…
Արեւ լուսին լուսաստղ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

Քառակուսիէն դուրս

Մանկական գրքոյկ

Բարեւ կրիայ

Մանկական գրքոյկ

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ