մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝


Էջերու քանակ՝ 108
Հրատարակիչ՝ Արի գրական հիմնադրամ
Հրատարակութեան թուական` 2021

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն

Կեդրոնական կերպարը, մերթ էգ, մերթ արու, եւ իբրեւ այդ երկդիմի, սեռայնապէս անորոշ եւ իբր այդ առանձնաշնորհեալ, տեղաւորուած պատումի կորիզին քիչ մը արուեստագէտին իքնանկարն է իբրեւ երիտասարդ գաղթական, ճամբորդ, մեկնումներու, ժամանումներու էակ, զրկուած-կորզուած իր մանկութենէն, իր պատմութենէն, իր հողէն, պարզապէս ինքն իրմէ։ Ուստի՝ արուեստագէտը կ՚առնէ աքսորականի դիմակը որուն երկար ուղեւորումը կ՚անցնի ներուսական փորձերու շարքէ մը։

Ս. Փարաճանովի ստեղծած հմայքը մղած է հեղինակը գրելու հատորի հիմնական էսսէն, նախ՝ ֆրանսերէն 2006ին։ Ներկայ հայերէն տարբերակը ի հարկէ նոյնը չէ առանց բոլորովին տարբեր ըլլալու։ Մուտքի անտիպ էջերը պատրաստուած են յատուկ այս հրատարակութեանհամար։

Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝


Էջերու քանակ՝ 108
Հրատարակիչ՝ Արի գրական հիմնադրամ
Հրատարակութեան թուական` 2021

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Մետաղէ երազներ

Վէպ

Մերինները

Պատում

Բոպիկ տոտիկ

Մանկական գրքոյկ

Նամակներ Զաաթարէն

Վէպ