«Ակուլ Տուկուլ» արեւմտահայերէնով պատրաստուած տեսերիզներու շաբաթական ծրագիր մըն է, ուղղուած՝ 2-էն 6 տարեկաններուն։ Խաղերու, երգերու, պատմութիւններու եւ հանելուկներու փունջ մը կը հրամցնէ հայախօս եւ ոչ հայախօս երեխաներու, որոնք կրնան հաճոյքով հետեւիլ յաջորդական դրուագներուն։
10-15 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզները բաղկացած են զանազան հատուածներէ՝ «Մէկ նկար, երկու բառ», «Գրչատուփս անօթի է», «Կողովիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ», «Երեք տառով բառեր», «Աւելորդ վանկ, չ՚ըլլար ասանկ», «Պատմութիւն մը պիտի պատմէ» եւ շատ աւելին։
Ամէն շաբաթ կեդրոնանալով տառի մը վրայ, Թագուշին, Պերճին, Մուրճին, Սուրճին եւ Լարա Ձայնային հետ զուարճալի պահեր կ՚ունենան երեխաները, կը զարգացնեն իրենց բառապաշարը, զրուցելու կարողութիւնները, երաժշտական ճաշակը եւ կը հաւաքեն զանազան գիտելիքներ։ Նպատակն է լեզուի զարգացման նպաստող միջավայր մը ստեղծել, դասարանի մթնոլորտէն դուրս։