մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Էջերու քանակ՝ 110
Հրատարակիչ՝ Արաս հրատարակչատուն
Հրատարակութեան թուական` 2023

Թագաւորը եւ թագուհին

Մանկապատանեկան վիպակ

Թագաւորը ճաղատ էր,
գլխուն
նոյնիսկ մէկ թել
մազ չունէր,
բայց մօրուքը երկար էր…
Գիշերները կը մտածէր,
թէ մօրուքը ո՞ւր դնէր՝
վերմակին տա՞կ,
վերմակին վրա՞յ,
քունը աչքէն կը փախէր…

Թագաւորը քուն չունէր,
կը չարչարուէր՝ ա΄յ,
կը տառապէր՝ ո΄ւյ,
իսկ մօրուքը
օր ըստ օրէ կ’երկարէ՜ր,
մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնէր,
թագուհին ալ կը գանգատէր…

Թագաւոր մը,
որ պալատին կորսուած բանալին ի զուր փնտռելէ ետք,
պիտի հանգուցէ ընթերցողը պալատական այս խաղին…
Պալատական խաղ մը,
որ կը պատահի ու կը կրկնուի,
ամեն ուրբաթ կամ շաբաթ,
առաւօտեան կամ երեկոյեան,
ժամը եօթին կամ ութին,
երբեմն ալ եօթուկէսին…

Պալատական ժամով եւ օրացոյցով,
այս խաղը անվերջ պիտի շարունակուի,
մինչեւ որ
ընթերցողը
պիտի ստանայ թագաւորին թագը,
պիտի դառնայ թագաւոր
կամ թագուհի
ու պիտի շարունակէ
անվերջակէտ այս խաղը…

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Էջերու քանակ՝ 110
Հրատարակիչ՝ Արաս հրատարակչատուն
Հրատարակութեան թուական` 2023

Սանդուխ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Խաղ ու մաղ

Խաղերու շարք
Յուշամատեան

Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի

Տեսերիզ

Զար զընգը

Մանկապատանեկան վիպակ

Ծիրանի Անուշ