մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Չի-Եուան Չէն կամ չինարէն տառերով՝ 陳致元 Ծնած է 1975-ին Փինկթունկ, Թայուան։ Չի-Եուանը մանկական պատկերազարդ գիրքեր կը նկարազարդէ։ Ան նաեւ հեղինակն է «Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ» գիրքին, որ 13-րդ «Ձին-Եի» մանկական գրականութեան առաջնութեան մրցանակը շահած է 1997-ին՝ պատկերազարդ գիրքերու մարզին մէջ։

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Մարիօ Ռամոս (1958-2012) Ծնած եմ 1958-ին Պրիւքսէլ։ Մայրս Պելճիքացի էր, իսկ հայրս՝ Փորթուկալցի: Մանկութեան օրերուս, անտառին ծայրը գտնուող մեծմօրս տան մէջ եւ երբեմն ալ Փորթուկալի արեւոտ օրերուն կը վայելէի արձակուրդներս։ Բոլոր երեխաներուն պէս, ես ալ կը գծէի։ Պարզապէս, ես երբեք չդադրեցայ գծելէ։ Գծագրութիւնը կեանքս կը դիւրացնէր։ Միշտ հմայուած եմ, թէ փոքրիկ գծագրութեամբ մը որքա՛ն շատ […]

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Իզապէլ Մինեոս Մարթինս Իզապէլին ամենէն սիրած առեղծուածը հետեւեալն էր. «մենք ինչե՞ր կրնանք ընել բառերով եւ բառերը ինչե՞ր կրնան ընել մեզմով»։ Իզապէլ 1974 թուականին ծնած է Լիզպոն։ Ան միշտ սիրած է ընթերցել եւ զանազան պատմութիւններ լսել իր մեծ հօրմէն, մեծ մօրմէն, դրացիներէն, մօրաքոյրերէն եւ ընկերներէն։ Իզապէլ աւարտած է Լիզպոնի Գեղարուեստական Գոլէճի հաղորդակցութեան ձեւաւորման բաժինը։ Որոշ ժամանակ […]

Երանի Բ

Խխունջիկ Խուճկուլուլուն, այս անգամ իր ընկերը՝ Թրթուրիկ Թութուպան կը կորսնցնէ… Տրտո՜ւմ տխուր է Խուճկուլուլուն… Կ՚անցնի ցուրտ ձմեռը, կու գայ գարունը, եւ ծի՛կ, թիթեռնիկ մը կը թառի պատեանին վրայ… Ո՞վ է արդեօք այս նոր ընկերը, որուն դէմքը շա՜տ, շա՜տ ծանօթ է…

Երանի

Թրթուրիկ Թութուպան տասնվե՛ց տոտիկ ունի, իսկ խխունջիկ Խուճկուլուլուն՝ ո՛չ մէկ տոտիկ։ Անտրամաբանական է։ Երանի չէ՞ր ըլլար, եթէ Թութուպային վեց տոտիկները Խուճկուլուլուի՛նը ըլլային։ Երանի՜… Հապա՞ եթէ ուրիշ լուծում մը գտնենք…