մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Լուսանկար՝ Linda Nylind/The Guardian Մարք Հատտընի հետ հարցազրոյցէն պատառիկներ (2006) 17 տարիէ ի վեր մանկական գիրքեր կը գրեմ։ Այս տարիներու ընթացքին անընդհատ նամակներ կը ստանայի։ Ընթերցողներէն շատեր կ՚ըսէին, թէ շատ սիրած են այս կամ այդ գիրքս։ Այդ խօսքերը ամբողջ օրս կը գեղեցկացնէին։ Ընթերցողներուն միւս մասն ալ յաճախ նոյն հարցումները կը հարցնէր. «Ինչպէ՞ս կը ստեղծէք ձեր […]

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Ֆրանսուա Փլաս ծնած է 1957 թուականին Էզանուիլ՝ Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Ան ջրաներկի շատ տաղանդաւոր նկարիչ մըն է, որուն գիրքերուն մէջ գրականութիւնը եւ արուեստը հաւասարապէս ձուլուած են։ Ֆրանսուա Փլասը Ֆրանսայի ամենէն շատ սիրուող մանկական գիրքերու հեղինակներէն մէկն է։ Անոր գիրքերը, որոնք թէ՛ կը գրէ, թէ՛ կը նկարազարդէ ինքը, արժանացած են երկրի մանկական գրականութեան ամենէն հեղինակաւոր […]

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

«Պատմութիւնները ձեզ կը մղեն մտածելու եւ երազելու, իսկ գիրքերը՝ հարցումներ հարցնելու»։ Միքայէլ Մորփուրկօ Միքայէլ եւ Քլէիր Մորփուրկօ հիմնեցին Քաղաքացի Երեխաներուն Համար Ագարակներ ծրագիրը Տեւոնի Նեթհերքոթ տան մէջ 1976-ին։ Այս բարեգործութիւնը երկիրի տարբեր քաղաքներէն ժամանող երեխաներուն գիւղի կեդրոնին գտնուող իրական ագարակին մէջ մէկ շաբաթ ապրելու եւ միասնաբար աշխատելու բացառիկ առիթ մը կ՚ընծայէ։ Ան «գործելով իւրացնելու» խիտ […]