Լեռնա Շիրինեան
Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը
Բաժիններ՝ 6 Վարժութիւններ՝ 35
Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը
Քրիստոֆըրը 15 տարեկան տղայ մըն է։ Ան շատ բան գիտէ թուաբանութեան մասին եւ շատ քիչ բան՝ մարդկային էակներու։ «Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը» վէպը պատմողն է. ցանկերու, կաղապարներու եւ ճշմարտութեան սիրահար է։ Չի հանդուրժեր որոշ գոյներ, մասնաւորաբար՝ դեղինը եւ սրճագոյնը։ Չի հանդուրժեր նաեւ որ մարդիկ դպին իրեն։ Երբեք փողոցի ծայրէն անդին չէ գացած մինակը. բայց […]
Շապիկը
Ճերմակ շապիկ, օձիք թեզանիք, մէ՛կ կոճակ… Ինչո՞ւ մէկ… Հապա քանի՞… Թող ըլլայ երկո՛ւ… Ճերմակ շապիկ, օձիք թեզանիք, երկո՛ւ կոճակ… Ինչո՞ւ երկու… Հապա քանի՞… Թող ըլլայ երե՛ք… Եւ այլն… եւ այլն… ե՜ւ… Ճերմակ շապիկ, օձիք թեզանիք, տասը կոճակ… Ճերմակ շապիկ, օձիք թեզանիք, տասը օղակ…
Շարժում, ուժ եւ աշխատանք
Շնչաւոր եւ անշունչ
Շրջում
Շրջում Գիրգոր Պըլտեանի վիպաշարքին 7րդ միաւորն է։ Այս վէպէն սկսեալ՝ շարքը անուն կը ստանայ՝ «Գիշերադարձ» եւ ժանրային յատկանշում մը, քանի որ միաւորները կը ներկայացուին այլեւս որպէս «պատումներ»։ Տարին՝ 1968, քիչ մը առաջ, քիչ մը ետքը։ Մայիսեան յեղափոխութենէն առաջ եւ վերջ։ Փարիզի պատերուն վրայ գրուած պատգամները տեղ տեղ կ՚երեւին վէպին մէջ։ Պատմասանը Փարիզ եկեր է ապրելու, […]
Շ Ժապաւէն
Շաբթուան օրերը
Երկուշաբթի՝ Որո՞ւն գուլպան կը հոտի… Երեքշաբթի՝ Հոտէն քիթս կը փրթի… Չորեքշաբթի՝ Մնացի առանց քիթի… Հինգշաբթի՝ Փրթած քիթս թուքով փակցուցի… Ուրբաթ՝ Վա՛յ, փրթած քիթս թուքով սխալ փակցուցի… Շաբաթ՝ Թուքով սխալ փակած, փրթած քիթս կը ծռի՜… Կիրակի՝ Գուլպա՛դ փոխէ, թուքով սխալ փակած, փրթած, ծո՛ւռ քիթս նորէն չփրթի…