մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Մաշտոց – Ոչ այդքան ճշգրիտ պատմութիւն

Եզնիկ եւ Կորիւն երկու աշակերտ են, շատ հին, ոչ այդքան ճշգրիտ ժամանակի մը մէջ։ Երկու ընկերները կը փորձեն օգնել Մաշտոցին, որպէսզի յաջողցնէ իր մեծ ծրագիրը։ Արկածներու մէջէն անցնելով, երկու ընկերները եւ իրենց ուսուցիչը պիտի կարենա՞ն հասնիլ իրենց նպատակին։ Իսկ մենք անոնց պատմութիւնը կարդալու ատեն, որքա՛ն պիտի ծիծաղինք։

Միտք եւ արուեստ

Այս հատորով, Յառաջ օրաթերթի յաւելուած՝ «Միտք եւ արուեստ»էն ծաղկաքաղ մը կը հրամցուի ընթերցողին։ «Միտք եւ արուեստ»ը լոյս տեսած է ամսական դրութեամբ 1976էն մինչեւ 2009, այսինքն՝ մինչեւ թերթին փակումը։ Յաւելուածէն առնուած յօդուածներու այս ծաղկաքաղը կ՚երկարի մինչեւ 1987, ընդգրկելով 21 հեղինակէ հարիւրի մօտ գրական ու վերլուծական յօդուածներ։ Հատորին կարեւոր յատկութիւնն է, որ ընտրուած յօդուածները «Միտք եւ արուեստ»ի […]

Մշակութային առաջին հանրագիտակս

«Մշակութային իմ առաջին հանրագիտակս» տասը հատորներով շարքին իւրաքանչիւրը նիւթի մը հանրագիտարանն է։ Բոլոր էջերը գունաւոր լուսանկարներով եւ բացատրական գծանկարներով ճոխացած են եւ նախատեսուած է դպրոցական տարիքի աշակերտներու համար։ Բացի դպրոցականներէն, իր գիտելիքներով շարքը նաեւ կը գոհացնէ բոլոր տարիքի ընթերցողները։ Մանաւանդ հարուստ աղբիւր է արեւմտահայերէն եզրերու համար, որ կարելի է գործածել զանազան ծրագիրներու։ Շարքին հատորներն են՝ […]

Մրջիւններու վերջալոյսը

Զաւէն Պիպեռեանի վիպագրութեան գլուխ-գործոցն է Մրջիւններու վերջալոյսը, ուր ան հայելի մը կը բռնէ 1940-50-ականներու պոլսահայ իրականութեան դէմ յանդիման, երկրի քաղաքական-տնտեսական կացութեան ընդմէջէն: Վէպին առանցքը կը կազմէ Ու-նե¬ւորութեան տուրքի հետեւանքով հետզհետէ քայքայուող հայ ընտանիք մը՝ ընկճուած հիւանդ հայր մը, նիւթական անկումի պատճառով իրմէ գանգատող դժգոհ կին մը ու աղջիկ մը, որոնց կը միանայ աշխատանքային ճամբարներու մէջ […]

Մեծ տղաքը կու լան

Մեծ տղաքը կու լան զգացումներ արտայայտելու, լալու եւ սեռային ինքնութեան վրայ մտորելու մղող գիրք մըն է։ Լեւիկ, մտահոգ է վերամուտի առթիւ, հայրը զինքը կը քաջալերէ ու կ՚ըսէ. «Տղաքը չեն լար»։ Բայց Լեւիկ դպրոցի ճամբուն վրայ կը հանդիպի բազմաթիւ տղաներու, որոնք կու լան։ Լեւիկ ինչպէ՞ս պիտի արտայայտէ իր զգացումները։

Մեղրադդում

Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի… Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ, մեղր ու կարագ լեցուցի… Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ, մեղր ու կարագ լեցուցի, թոնիրին մէջը կախեցի… Ղափամա, ղափամա, -դրացիին անունը- մեզի հիւր թող գայ…