Լոռիին արջուկը
Արջուկը այս ձմեռ ալ պիտի քնանայ, մինչեւ որ գարունը հասնի։ Իսկ Լոռին այս գիշեր պիտի կարենա՞յ աչուկները գոցել։ Թերեւս արջուկը օգնէ։
Ցուրտ ձմեռը
Ցուրտ ձմեռ է։ Խուճկուլուլուն ի՞նչ հագնի, որ չմսի։ Գլխարկ մը եւ թաթպան մը բաւարա՞ր են արդեօք։
Լուացքը
Լուացքը ինչպէ՞ս կ՚ընեն։ Տաք ջուր, պաղ ջուր, օճառ եւ փրփուր։ Ուրի՞շ… քիչ մըն ալ խաղ ու լուացքի պարան։ Հապա՞ եթէ պարանը փրթի ու լուացքը իյնայ աղտոտի… Ուրեմն՝ նորէ՛ն տաք ջուր, պաղ ջուր, օճառ եւ փրփուր։ Շապիկը, տաբատը, հագուստը եւ անշուշտ՝ փո՛թ փո՛թ փէշը։
Լուացքը
Ձեռնախաղ` երեքէն վեց տարեկաններու համար…։ Մամիկ թոռնիկ, ա՛փ մը նուշ, ե՛ւ… անո՛ւշ թոռնիկ։ Մամիկ թոռնիկ, պտղո՛ւնց մը աղ, ե՛ւ… աղուո՛ր թոռնիկ։ Անուշիկ թոռնիկ, աղուորիկ թոռնիկ, ինքը մէկ թիզ, լեզուն երկա՛ր՝ եօթը թիզ։ Մեր խաղաշխարհը կը սկսի երեխային աշխարհը չափելու միջոցներով։ Մէկ մատ է, քանի՞ թիզ է…։ Հեռու չէ՛, երկու քայլ է…։ Առօրեայ խաղերու ժամանակ գործածել […]
Լոյս
Լկրտածը
«Լկրտածը» Զաւէն Պիպեռեանի անդրանիկ վէպն է, 1959 թուականին լոյս տեսած եւ այսօր վերատպումի արժանացած Արաս հրատարակչատան կողմէ։ Վէպը կը պատմէ թուրք քաղքենի ընտանիքի մը մօտ որպէս որդեգիր աղջիկ եւ խորքին մէջ՝ որպէս աղախին ապրող գեղեցիկ Կիւլկիւլին դժբախտ պատմութիւնը։ Շարժանկարային ոճով գրուած (եւ սկզբնապէս շարժանկարի համար նախատեսուած) վէպ մըն է։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է բանասէր Սեւան […]