թագաւոր, թագուհի
թը՜ռ թը՜ռ թռցնեմ, չիր ու չամիչ կերցնեմ… թը՜ռ թը՜ռ թռցնեմ, մեղր ու կարագ կերցնեմ… չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ, մեղրը ուտեմ մատիկ մատիկ… համը տեսայ՝ հը՜մ, համը տեսայ՝ հա՜մ, վերջին էջը հասայ… թա՛գ թա՛գ, թա՛գ ունի, թա՛գ թա՛գ, թագաւո՜ր… թա՛գ թա՛գ, թա՛գ ունի, թա՛գ թա՛գ, թագուհի՜… մէկ երկու, կը մեծնամ, երեք չորս, կը կարդամ, հինգ վեց, […]
Թագաւորը եւ թագուհին
Թագաւոր մը, որ պալատին կորսուած բանալին ի զուր փնտռելէ ետք, պիտի հանգուցէ ընթերցողը պալատական այս խաղին… Պալատական խաղ մը, որ կը պատահի ու կը կրկնուի, ամեն ուրբաթ կամ շաբաթ, առաւօտեան կամ երեկոյեան, ժամը եօթին կամ ութին, երբեմն ալ եօթուկէսին… Պալատական ժամով եւ օրացոյցով, այս խաղը անվերջ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ընթերցողը պիտի ստանայ թագաւորին թագը, […]
Թափ թափ
Չըլը՛փ… Ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ, մեղուն ինկաւ կաթով լեցուն կճուճին մէջը… Ի՞նչ ընէր, ինչպէ՞ս ընէր, կաթով լեցուն կճուճին մէջէն ինչպէ՞ս ելլէր… Մեղուն թեւերը թափ թափ, թափահարեց, թափ թափ, թափահարեց… Մեղուն թեւերով թափ թափ, կաթը հարեց, թափ թափ, կաթը հարեց, թափ թափ, կարա՛գ հանեց… Մեղուն ելաւ կարագին վրայ եւ… թըռ թռա՜ւ, շի՛փ շիտակ դէպի փեթակ…
Թաշկինակի խաղ
Բակի խմբային խաղ՝ չորսէն ութ տարեկաններու համար…։ Միտքը ծուռ է, Պոչը ծաղիկ, Աչքը հաւերուն վրայ է։ Աղուէսիկ դարձած երեխան թաշկինակը ձեռքին, շրջանակ կազմած ու գետինը նստած ընկերներուն շուրջը կը դառնայ կրկնելով՝ Աղուէսիկը պիտի գայ…։ Թող գայ, թող գայ…։ Անպիտանը, Բռնէ բռնէ աղուէսը… Անպիտանը։ Երբ թաշկինակը մէկու մը ետեւը կը ձգէ, ընտրուած երեխան պէտք է թաշկինակը […]
Թէ ինչպէս…
Փաթիլը միշտ հետաքրքրական – եւ քիչ մը խենթուկ – ծրագիրներ ունի. ցոյց մը կազմակերպել Ծովինարին մազերը շատ կարճ կտրած սափրիչին դէմ, «Կայտառ կաքաւներ» անունով երգի խումբ մը ստեղծել ամենամտերիմ ընկերուհիին՝ Անուշին հետ, դասարանի նապաստակին վանդակին դուռը բանալ որպէսզի «քիչ մը վազէ» հանրային պարտէզին մէջ, Արային սենեակին նոր ներկուած ճերմակ պատերը զարդարել, լման գիշեր մը Անուշենց […]
Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի
Ինչպէ՞ս կը շարունակուի թահինով հաց պատրաստելու աւանդութիւնը, որ շատ հին ժամանակներէ կու գայ։ Տեսերիզը կը հետախուզէ թահինով հացին պատմութիւնը՝ Լիբանանէն Հոլանտա։ Հիմա, թահինով հացը տարչինո՞վ կ՚ուզէք, թէ առա՛նց տարչինի։
Թ Ժապաւէն
Թագաւորն ու Ծովը
Թագաւորի մը հանդիպումը ծովուն, շուքին, անձրեւին, ամպին, գիշերուան եւ երկնքին, ուրուականին, ծառին եւ դեռ բազմաթիւ շնչաւոր ու անշունչ առարկաներու հետ…։ Երբեմն ինքզինքը տկար զգալուն՝ բարկացող, երբեմն՝ իր ուժին զարմացող, երբեմն ալ՝ թագաւորութեան սահմաններէն ներս տեղի ունեցածներուն դիմաց խանդավառուող թագաւորին ամէն մէկ հանդիպումը կը պատմուի նուրբ ու զգայուն փոքր հեքիաթներով։