մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Զարմանազան 2022` Վերստին լեզուն ապրիլ միասնաբար

«Երբեք չէի կրնար երեւակայել, որ Զարմանազանը այսքան պիտի կապէր զիս լեզուիս եւ մշակոյթիս։ Որպէս հայ՝ յաճախ զգացած եմ որ մեր մշակոյթը կը սկսի ու կը վերջանայ ողջ մնալու պարտադրանքով եւ հնաւուրց սնտուկէ մը հին գիրքեր եւ աւանդութիւններ քաղելով։ Զարմանազանը հիմնովին փոխեց այդ ունեցած տպաւորութիւնս։ Անդրադարձայ որ հնարաւորութիւնը կար հայերէն լեզուով գոյութիւն ունենալու եւ լեզուն ապրելու»։ […]

Զարմանազան 2025

9-րդ «Զարմանազան» արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը պիտի կայանայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» շրջանին մէջ։ Դիմումները կ՚ընդունուին մինչեւ 21 Փետրուար 2025, Կրինիչի միջին ժամով 23։00։ դիմել

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Այստեղ ներկայացուած վարժութիւնները պատրաստուած են Զարդիս մատենաշարի գիրքերը որպէս կրթական ծրագիր գործածելու համար։   Վարժութիւններու ընդհանուր քանակ՝ 236

Զարդիս մատենաշար

Զարդիս մանկապատանեկան մատենաշար մըն է, որ ընթերցողներուն կը հրամցնէ ժամանակակից եւ հետաքրքրաշարժ գիրքեր, ընդհանրապէս թարգմանութիւններ զանազան լեզուներէ։ Մանկապատանեկան գրականութիւնը յաճախ փիլիսոփայական բնոյթ ունենալով, Զարդիսի գիրքերը կրնան նաեւ աւելի մեծ տարիքի պատանիներու եւ չափահասներու հետաքրքրութիւնն ալ արթնցնել։ Զարդիսի առաջնահերթ նպատակը ընթերցելու հաճոյքը զարգացնել է։ Ընթերցանութիւնը վայելելու եւ արդիական իմաստով լեզուային յիշողութիւնը ամրացնելու կը հրաւիրէ ընթերցողը։ Զարդիսի գիրքերը […]

Զատիկ

Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կարմիր հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց դեղին հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կանանչ հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց կապոյտ հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, հաւիկը ածեց գոյն գոյն հաւկիթ։ Զատիկ է, Զատիկ, եկէք խաղանք թաք թաք հաւկիթ։

Զոյգ, կենտ

Հինգ զոյգ գուլպայ, տասը հատ հոտած գուլպայ, լուացքի օրը, լուացքին հետ մտան լուացքի մեքենայ… Հինգ զոյգ գուլպայ, տասը հատ հոտած գուլպայ, օճառուեցան, լուացուեցան, մաքո՜ւր մաքուր, մա՛ս մաքուր մեքենայէն ելան… Վա՛յ, ի՛նը հատ գուլպայ… Զո՞յգ է, կե՞նտ է… Զոյգ չէ, կե՛նտ է… Մէկ գուլպան ո՞ւր է… Չորս զոյգ գուլպայ, ութ հատ հոտած գուլպայ, լուացքի օրը, լուացքին […]

Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

«Մատենագրութեան թուանշային գրադարան»-ի գրական հսկայական պաշարին մաս կը կազմեն՝ Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը, որոնք թուայնացած են եւ հանրութեան անվճար հրամցուած։ Զապէլ Եսայեանի հաւաքածոն ալ աւելի կը ճոխացնէ՝ այս թուային գրադարանին արդէն իսկ հարուստ Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն բաժինը, որ կ՚ընդգրկէ 600-ի շուրջ վերնագիր։ 27 վերնագիրներու տակ հաւաքուած Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերուն մատչելի ձեւով հանրութեան ներկայացուիլը կարեւոր […]

Զար զընգը

«Զար զընգը» մեծ և փոքր երեխաներուն համար է։ Որպէս աւանդազրոյց մը՝ «Զար զընգը» կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս ծնած է երաժշտութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս մարդուն հոգին երաժշտութեան կապուած է ։ Գիրերու, գծագրութիւններու, գոյներու եւ տպագրական այլ հնարքներու միջոցաւ գիրքը ընթերցողը կը տանի զգացումէ զգացում՝ կը զարմացնէ, կը հարցադրէ եւ կը խաղայ։ «Զար զընգը» հատորը արժանի գտնուած […]