մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Կաղանդ պապուկ

Կաղանդ է, կաղանդ է, Կաղանդ պապուկը ո՞ւր է… Կաղանդ է, կաղանդ է, Կաղանդ պապուկը հոս է… Գլխարկը կարմիր է, մօրուքը  երկար է… Կաղանդ է, կաղանդ է, Կաղանդ պապուկը ո՞ւր է… Կաղանդ է, կաղանդ է, Կաղանդ պապուկը հոս է… Գլխարկը կարմիր է, մօրուքը  երկար է… Մօրուքը երկար է, փորիկը կլոր է… Կաղանդ է, կաղանդ է, Կաղանդ […]

Կարմիր կանանչ կաղանդը

Անտառին մէջ եղեւին մը, ճիւղին վրայ կարմրալանջ մը, կտուցին կարմիր, կանանչ կաղանդը… Անտառին մէջ եղեւինը, կարմրալանջը, կարմիր, կանանչ կաղանդը… Անտառին մէջ եղեւին մը, ճիւղին վրայ փայտփորիկ մը, կտուցով թաքա թաքա թաք փչակը… Անտառին մէջ եղեւինը, կարմրալանջը, փայտփորիկը, թաքա թաքա թաք, կարմիր, կանանչ կաղանդը… Անտառին մէջ եղեւին մը, ճիւղին վրայ սկիւռիկ մը, կաղինով եւ ընկոյզով լեփ […]

ըսէ այն ո՞վ է

տըմփի՛կ, տըմփի՛կ, այն ո՞վ  է… գլխուն վրայ գլխարկ մը կայ… գլխարկը կարմիր է, ըսէ այն ո՞վ է, լսէ այն ո՞վ է, դուռը կը թակէ… քիթին տակը մօրուք մը կայ… մօրուքը երկար է, գլխարկը կարմիր է, կաղանդ պապուկն է, դուռը կը թակէ… ո՞ւր է նոյնը… միեւնոյն ծառը… ո՞ւր է նոյնը… միեւնոյն նուէրը…

Ըսէ այն ո՞վ  է

Գլխուն վրայ գլխարկ մը կայ… Գլխարկը կարմիր է, ըսէ այն ով է, լսէ այն ով է, դուռը կը թակէ… Քիթին տակը մօրուք մը կայ… Մօրուքը երկար է, գլխարկը կարմիր  է, ըսէ այն ով է, լսէ  այն ով է, դուռը կը թակէ… Կռնակին վրայ տոպրակ մը կայ… Տոպրակը լեցուն է, մօրուքը երկար է, գլխարկը կարմիր է, […]

կիրակի

ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի՜․ դպրոց, տուն, եկեղեցի՜․ արամիկը շապիկ հագաւ, սարկաւագը ուրախացա՜ւ․ նունիկը պատարագը մտիկ ըրաւ, վարդապետը ուրախացա՜ւ․ պապա՜, պապա՜, տէր տէր պապա․ պապա՜, պապա՜, կաղանդ պապա․ պապա՜, պապա՜, հաճի պապա․ պապա՜, պապա՜, մե՜ծ պապա․ զանգակատունը հո՛ս է, գմբեթը ո՞ւր է․ արամիկը շապիկ կը հագնի եւ շարական կը սորվի․

նոր կօշիկը

նունիկը շա՜տ տխուր է․ նունիկին կօշիկը շա՜տ հին է․ նունիկը նոր կօշիկ կ՚ուզէ․ մաման կ՚ըսէ․ – նունի՛կ, նունի՛կ, նոր կօշիկը շա՜տ սուղ է․ նունիկը շա՜տ տխուր է․ նունիկին կօշիկը շա՜տ հին է․ նունիկը նոր կօշիկ կ՚ուզէ․ պապան կ՚ըսէ․ – նունի՛կ, նունի՛կ, նոր կօշիկը շա՜տ սուղ է․ նունիկը շա՜տ տխուր է․ նունիկին նոր կօշիկը ո՞վ բերէ․ […]

ի՞նչ կու տայ

կու տա՜յ, կու տա՜յ, ո՞վ կու տայ, ի՞նչ կու տայ, որո՞ւն կու տայ․ խնձորենին կու տայ, խնձո՛ր կու տայ, ինծի՛ կու տայ, քեզի ալ կու տայ․ տանձենին կու տայ, տա՛նձ կու տայ, ինծի՛ կու տայ, քեզի ալ կու տայ․ ծաղիկը կու տայ, անո՜ւշ հոտ կու տայ, ինծի՛ կու տայ, քեզի ալ կու տայ․ մեղուն կու […]

կաղանդ պապուկը

կաղանդ է, կաղանդ է, կաղանդ պապուկը հոս է․ կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․ խոշոր կարմիր քիթ ունի․ քի՛թ քի՛թ, խոշոր քի՛թ, քի՛թ քի՛թ, կարմիր քի՛թ, քի՛թ քի՛թ, խոշոր, կարմիր քի՛թ․ կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․ կարմիր, երկար գլխարկ ունի․ մէ՛կ թիզ, երկո՛ւ թիզ, քանի՞ թիզ․ կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․ երկա՜ր, ճերմակ մօրուք ունի․ բո՞ւրդ է, բամպա՞կ է, […]

Կաղանդ

Կաղանդ է այսօր՝ տօնածառի օր… Ծառը զարդարենք, երգենք ու պարենք… Կաղանդ է այսօր՝ երգի պարի օր… Ծառը զարդարենք, երգենք ու պարենք, լաւ օրեր մաղթենք… Կաղանդ է այսօր՝ մաղթանքներու օր… Ծառը զարդարենք, երգենք ու պարենք, լաւ օրեր մաղթենք, չիր չամիչ ուզենք… Չամիչ տուէք, ճակատիս շարեմ… Կաղին տուէք, ականջէս կախեմ… Ընկոյզ տուէք, գլխուս ջարդեմ… Ծառը զարդարենք, երգենք […]

Կանանչ կարմիր

Եղեւինը կանանչ է, Կաղանդ պապուկը կարմիր է… Կանանչ է, կարմիր է, եղանակը ձմեռ է… Ձմերուկը կանանչ է, իսկ միջուկը կարմիր է… Կանանչ է, կարմիր է, եղանակը ձմեռ չէ… Կաղանդ պապուկը ձմերո΄ւկ կ’ուտէ… Կանանչ է, կարմիր է, եղանակը ձմեռ է, ձմեռ չէ…