մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Բառարան

Երաժշտագիտական եզրերու բառարան։

Opéra

Opéra-ն (Երգախաղ, նուագախաղ, թատերանուագ, գուսաներգութիւն) երաժշտա-թատերական ներկայացում է, ուր համախմբուած են՝ երաժշտութիւնը (մեներգիչներ, երգչախումբ, նուագախումբ), թատրոնը, պարարուեստը եւ կերպարուեստը։ Opéra-ն կը համարուի երաժշտական ամենէն ամբողջական եւ բարդ սեռը։

Նուագարաններ

Նուագելու համար պատրաստուած տարեր ձեւի եւ ծաւալի յատուկ գործիքները կը կոչուին նուագարաններ։ Անոցն զարգացումը ընթացած է երաժշտութեան, կատարողական արուեստի եւ նուագարանաշինութեան վարպետութեան զարգացման զուգահեռ։

Նուագախումբ

Նուագախումբ կը կոչուի համատեղ նուագի համար կազմուած նուագող եաժիշտներու խումբը։ Ըստ նուագողներու թիւին եւ նուագարաններու կազմին, նուագախումբերը կ՚ըլլան՝ համանուագախումբ, սենեկային, լարային, փողային, էստրատային, jazz, ժողովրդային նուագարաններու եւ այլ նուագախումբեր։

Jazz

Jazz-ը յառաջացած է 19-րդ դարու 80-ական թուականներուն։ Առաջին Jazz երաժիշտները Ամերիկայի սեւամորթներն էին, որոնք, գործածելով իրենց հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերու մեղեդիները, կատարումի ընթացքին յանպատրաստից կը ստեղծագործէին։

Հայ երաժշտութեան պատմութիւն

Հայ երաժշտութիւնը հայ ժողովուրդի կերտման, պահպանման եւ գոյատեւման կարեւորագոյն գործօնն է։ Իր բազմադարեան պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը ստեղծած է ինքնուրոյն, հարուստ եւ ինքնատիպ երաժշտական մշակոյթ եւ զայն հասցուցած է մինչեւ մեր օրերը։

Հայ երաժշտական մշակոյթը 1-9րդ դարերուն

Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածումէն ետք սկսած է զարգանալ եկեղեցական երաժշտական արուեստը, որուն կազմաւորման միայն նախանական շրջանը տեւած է 300 տարի։

Հայ երաժշտական մշակոյթը 9-13-րդ դարերուն

Հակառակ հայ ժողովուրդի ապրած վերիվայրումներուն՝ հայ միջնադարեան եկեղեցական, ժողովրդային եւ գուսանական երաժշտական արուեստները զարգացած են զուգահեռաբար՝ իրենց գագաթնակէտին հասնելով 12-13-րդ դարերուն։

Հայ երաժշտական մշակոյթը 14-18-րդ դարերուն

14-18-րդ դարերու բարդ ժամանակաշրջանը արգելք հանդիսացաւ հայ արուեստի յառաջդիմութեան եւ երաժշտութիւնը, ինչպէս նախորդ դարերուն, զարգացաւ միայն երեք ուղղութիւններով՝ 1. ժողովրդային-գեղջկական, 2. գուսանական-աշուղական եւ 3. հոգեւոր։