Բացասական թիւեր եւ ռոպոթներ

Կ’աշխատինք բացասական թիւերուն հետ: Կը բաղդատենք, կը գումարենք, կը հանենք զանոնք: Մեզի կ’օգնեն ռոպոթները:
Տասնորդական թիւերը եւ անդեզրը

Այցելեցինք անդեզրի թուաբանութեան խմբակը ուր աշխատեցանք տասնորդական թիւերուն հետ: Բաղդատեցինք, գումարեցինք եւ հանեցինք տասնորդական թիւերը: Տեսանք անդեզրի դիւրութիւններն ու վտանգները:
Համաչափութիւն

Կը ծանօթանանք համաչափութեան: Կը գծենք պատկերներու համաչափները, համաչափութեան առացնքները: Կը տեսնենք բնութեան եւ կեանքի այլ ոլորտներուն մէջ համաչափութիւնները:
Ուժանիւթ եւ կոտորակներ

Կը ծանօթնանք ուժանիւթի տարբեր տեսակներուն: Կը հասկնանք վերանորոգուող ուժանիւթի գործածութեան կարեւորութիւնը: Կ’ուսումնասիրենք կոտորակները, անոնց յատկութիւնները, գումարումը, հանումը եւ բազմապատկութիւնը:
Վիճակագրութիւն եւ տուեալներու գիտութիւն

Տուեալներու գիտութեան հանգրուաններն ու դրական եւ բացասական կողմերը ներկայացնելէ ետք, կ’աշխատինք վիճակագրական տուեալներու վերլուծութեամբ: Կը ծանօթանանք քանակական եւ որակական տուեալներու ներկայացման տարբեր ձեւերուն: Կը հաշուենք քանակական տուեալներու հեռաւորութիւնը, կրկնուողը, միջինը, միջնական:
Գիտական մեթոտը եւ անկիւն կիսողը

Այստեղ կը ներկայացուին գիտական մեթոտն ու անոր հանգրուանները: Գիտական մեթոտը կը կիրառուի մայրամուտի տարբեր գոյները վերլուծելու համար: Ուսողութեան բաժնին մէջ կը ծանօթանանք անկիւն կիսողին, կը սորվինք գծել զայն, տարբեր հաշիւներ կը կատարենք եւ խնդիրներ կը լուծենք օգտագործելով անկիւն կիսողի սահմանումը:
Փոփոխականներու պատմութիւնը եւ գործածութիւնը

Կը ծանօթանանք փոփոխականներու պատմութեան: Ուրկէ՞ կու գան: Ինչո՞ւ այս տառերն են որ ամենէն շատ կը գործածենք հանրահաշիւին մէջ: Ի՞նչ պիտի ըլլար եթէ օգտագործէինք ք-ն, փ-ը եւ անոնցմով ծանօթանայինք փոփոխականներու յատկութիւններուն:
Արհեստական բանականութիւն եւ հատուածի մը ուղղահայեաց երկհատիչ գիծը

Արհեստական բանականութեան ծանօթացում մըն է: Կը գործածենք ՉէթՃիՓիԹին: Կը հասկնանք արհեստական բանականութեան առաւելութիւններն ու վտանգները: Կը սահմանենք եւ կը գծենք հատուածի մը ուղղահայեաց երկհատիչ գիծը օգտագործելով ուղղաչափը, գծաքաշը կամ կարկինը: Կը յայտնաբերենք ուղղահայեաց երկհատիչ գիծին տարբեր յատկութիւններն ու կը կիրառենք զանոնք:
Եռանկիւն եւ երկիր մոլորակ

Կը ծանօթանանք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կայուն զարգացման նպատակներուն: Կը կեդրոնանանք կլիմայական պայքարին վրայ: Կը հասկնանք որ պէտք չէ նպաստենք մոլորակի ապականումին եւ մղենք մեր շրջապատը որ մաս կազմեն այս պայքարին: Ուսողութեան բաժնին մէջ կը ծանօթանանք եռանկիւններու տեսակներուն՝ երկկողմազոյգ, հաւասարակողմ, ուղղանկիւն երկկողմնազոյգ եւ անհաւասարակողմ եռանկիւններուն: Կը հաշուենք տարբեր եռանկիւններու անկիւնները:
Ուսողութիւն եւ աւելին