Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Ս. Փարաճանովի ստեղծած հմայքը մղած է հեղինակը գրելու հատորի հիմնական էսսէն, նախ՝ ֆրանսերէն 2006ին։ Ներկայ հայերէն տարբերակը ի հարկէ նոյնը չէ առանց բոլորովին տարբեր ըլլալու։ Մուտքի անտիպ էջերը պատրաստուած են յատուկ այս հրատարակութեանհամար։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու […]

Արեւ լուսին աստղ

Բակի խմբային խաղ բոլորին համար Բակի խմբային խաղ բոլորին համար…։ Մեծէն պզտիկ կամ պզտիկէն մեծ…։ Արեւ լուսին աստղ…։ Խումբը կը յառաջանայ երբ լսէ՝ Արեւ լուսին…։ Իսկ երբ լսէ՝ աստղ, պէտք է տեղնուտեղը անշարժանայ, արձան դառնայ…։ Այն երեխան, որ կը շարժի, խաղէն դուրս կու գայ…։ Երբ անշարժանան՝ պէտք է տարբեր ու տարօրինակ կեցուածքներ ունենան…։ Խաղին նպատակն […]

Արագիլին բոյնը

Հաւասարակշռութեան խաղ բոլորին համար…։ Մեծէն պզտիկ կամ պզտիկէն մեծ…։ Խաղալ գարնանամուտին…։ Գարունը Արագիլը…։ Արագիլին բոյնը Արագիլը բոյն շիներ է։ մարդ չի գիտեր ուր դրեր է…։ Աւելորդ կերպասներով պատրաստել արագիլին բոյնը…։ Երեխային մարմինը պիտի ըլլայ իր տունը, իսկ գլուխը՝ ծխնելոյզը… գլխուն վրան՝ արագիլին բոյնը…։ Երեխան, բոյնը գլխուն վրան, պէտք է քալէ ուշադիր, եւ արագիլին բոյնը տեղաւորէ […]

Օձախաղ

Բակի խմբային խաղ՝ երեքէն վեց տարեկաններու համար…։ Խաղալ դպրոցական վերամուտին, կարենալու համար շուտով շարուիլ ետեւ ետեւի, երբ զանգը հնչէ…։ Խաղիկը կը սկսի կրկնելով հանելուկը…։ Այն ո՞վ է… Պարանի պէս երկար է…։ Երեխաները միշտ պէտք է արձագանգեն կրկնելով հանելուկը տող առ տող…։ Շապիկ ունի կարուած չէ, հաւկիթ կ՚ածէ հաւ չէ, ամբողջ աշխարհը կը վախցնէ՛։ Երեխաները երբ […]

Փաթթուկ – բ

խաղալ վերամուտին Բուրդ է, բամպակ է, բուրդ է, բամպակ է, բուրդ է, բամպակ է, փաթթո՜ւկ է…

Փաթթուկ – ա

խաղալ վերամուտին Բուրդ է, բամպակ է, բուրդ է, բամպակ է, բուրդ է, բամպակ է, փաթթո՜ւկ է…

Ծաղկեփունջ – բ

խաղալ գարնան, ինչպէս նաեւ Համբարձումին Ծաղիկ առաւել ծաղիկ, առաւել ծաղիկ, առաւել ծաղիկ, հաւասար է՝ ծաղկեփո՜ւնջ… Շուշան, մեխակ, վարդ, մանուշակ… Շուշան, մեխակ, վարդ, մանուշակ…

Ծաղկեփունջ – ա

խաղալ գարնան, ինչպէս նաեւ Համբարձումին Ծաղիկ առաւել ծաղիկ, առաւել ծաղիկ, առաւել ծաղիկ, հաւասար է՝ ծաղկեփո՜ւնջ…

Աստղերուն տակ

Մէկիկ մէկիկ կը յայտնուին փայլուն աստղիկները ու մէկիկ մէկիկ կը փակուին աչուկները… Իսկ երբ աչուկները կը փակուին, փայլուն աստղիկներուն տակ բոլոր հանգոյցները կը քակուին…

Մէկը միւսը

Մէկը «ա՛յ» կ՚ըսէ, միւսը՝ «ո՛ւյ», ահաւասիկ երգը պատրաստ է։