մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Հապա եթէ

«Հապա եթէ»-ն ստեղծարար մտածողութեան զարգացման ձեւերը արեւմտահայերէնով շաղող առցանց ծրագիր մըն է, ուր երկրագունդին չորս ծագերէն երեխաներ կը հանդիպին, միասին հայերէնով գծելու, խաղալու, մտածելու, կատակներ ընելու, իրենց արտադրութիւնները կիսելու եւ հայերէնը իբրեւ կենդանի լեզու վայելելու։

Հանդիպումները 50 վայրկեան տեւողութեամբ կը մատուցուին։ Ներկայիս ուղղուած են 8-էն 12 տարեկան երեխաներու։

«Հապա եթէ»ի աշխատանոցները նաեւ տեղի կրնան ունենալ տեղւոյն վրայ՝ դպրոցներէ, ճամբարներէ եւ մանկական ակումբներէ ներս, երեխաներու, եւ  դաստիարակներու հետ միասին։

Աշխատանոցները հիմնուած են ստեղծարար վարժութիւններու վրայ, իբրեւ միջոց գործածելով հեքեաթները, շարանկարը, շարժապատկերը, փիլիսոփայութիւնը, ձեռագործը, թատրոնը եւ այլն։ Երեխաները առիթը կ՚ունենան գտնելու իրենց յատուկ եւ յարմարագոյն հաղորդակցութեան ձեւերը՝ առանց ճնշումի եւ ազատօրէն իրենց ստեղծագործական միտքը կիրարկելու եւ իրենց ներդրումը բերելու։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Դերաքրիստոսը

Փիլիսոփայական

Աղուոր բաներ

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

Առցանց հանրագիտարան

Նաթիւր մորթ եւ շարժում

Տեսերիզ