մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Խորովածը

Շամփուրը…
Միսը սոխը, միսը սոխը, միսը սոխը,
լոլիկը…
Միսը սոխը, միսը սոխը, միսը սոխը,
պղպեղը…

Ածուխը…
Ծուխը մուխը, ծուխը մուխը, ծուխը մուխը,
խորովածը…
Ծուխը մուխը, ծուխը մուխը, ծուխը մուխը,
մոխիրը…

Վա՛յ,
ո՞ւր է խորովածը…

Փորիկիս մէջը…

յ․գ․

Խաղալ
կրկնելով խաղիկը,
իսկ երբ կը հասնի վերջին տողը,
պէտք է տալ երեխայի մը անունը՝
Շուշիկին փորիկին մէջը…

Կրկնել խաղը
իսկ երբ կը հասնի վերջին տողը,
այս անգամ,
այն երեխան որուն անունը նշուած էր,
պէտք է տայ ուրիշ երեխայի մը անունը՝
Նուշիկին փորիկին մէջը…

Եւ խաղը կը շարունակուի,
մէկէն միւսը յաջորդաբար
համտեսելով խորովածը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

1898

Երաժշտական արխիւ

3336

Վարձու սենեակ

Պատմուածքներ
272

Երգեր

Երգերու հաւաքածոյ

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Ա.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն