մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

խակ է, խաղ է

խա՛ղ է, խա՛ղ է,
խաղո՜ղ է․

խակ է, խակ է,
խաղողը խակ է․

խակ չէ, խակ չէ,
խաղողը խակ չէ․

չոր խաղողը չամիչ է․
չոր սալորը չիր է․

չիր ու չամիչը արամիկին,
գիր ու գրիչը նունիկին․

որթատունկը, ողկոյզը․
որթատունկը, ողկոյզը․

աղուէսը մօտեցաւ որթատունկին,
աչքը տնկեց ողկոյզին․

անօթի էր աղուէսը,
կ՚ուզէր ուտել խաղողը․

բարձրացուց թաթիկները,
սակայն ողկոյզը ո՜ւր,
թաթիկները ո՜ւր,
կը չարչարուէր ի զուր․

կեցաւ ոտիկներուն ծայրը,
բարձրացուց թաթիկները,
սակայն ողկոյզը ո՜ւր,
թաթիկները ո՜ւր,
կը չարչարուէր ի զուր․

ցատկեց աղուէսը
մէկ անգամ, երկու անգամ,
տասը անգամ, քսան անգամ,
սակայն ողկոյզը ո՜ւր,
թաթիկները ո՜ւր,
կը չարչարուէր ի զուր․

աղուէսը շատ բարկացաւ,
սակայն բնաւ յայտնի չըրաւ․

– թո՜ւ, թո՜ւ,
աս խաղողը թթու է․
թո՜ւ, թո՜ւ,
թթու խաղող ո՞վ կ՚ուտէ․

ըսաւ ու հեռացաւ…

խա՞կ է, խա՞ղ է, խաղողը ո՞ւր է…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Կաթսային մէջ

Սուտ աղուէսիկ

Կաթսային մէջ Ա

Կաթսային մէջ Բ

Այլ նիւթեր՝

Միտք եւ արուեստ

Գրական եւ վերլուծական յօդուածներու ժողովածու

Նկարչութեան դասական դպրոցները եւ արդի ձգտումները

արուեստի պատմութիւն

Զարդիս մատենաշար

Մանկապատանեկան մատենաշար
Զարդիս մատենաշար

Մինչ մազերս կ՚երկննային

Մանկապատանեկան վիպակ