մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

փիղը

այն ո՞վ է…

շա՜տ հսկայ է,
քիթն ալ երկա՜ր փող է…

պատիճը երկա՜ր,
հսկայ փիղն է․

հսկա՜յ փիղին
պատիճը վեր,
պատիճը վար․

հսկայ փիղը,
երկա՜ր փողը․

փիղը փողի ձայն ունի,
փողը փիղի ձայն ունի․

պարոն փիղին փողկապը․
տիկին փիղին փոթ փոթ փէշը․

պարոն փիղը փողկապ չունի․
տիկին փիղը փէշ չունի․

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Լուացքը

Այլ նիւթեր՝

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ

Շրջում

Վէպ

ՀայՍփէլ