մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

հաւնոցը

այն ո՞վ է․․․

թագը սղո՛ց,
ձայնը լո՛յս․

հաւնոցին աքլորն է,
զիլ ձայնով կը կանչէ․

ծուղրուղո՜ւ, կուկուլիկո՜ւ,
առտու է, առտո՜ւ․

ծուղրուղո՜ւ, կուկուլիկո՜ւ,
աղուէսը հաւնոցէն հեռո՜ւ․

մէկ հաւնոց,
տասը հաւ,
քանի՞ հաւկիթ․․․

կը՛տ, կը՛տ, կըտա՜կ,
հաւկիթներ տա՛ք, տա՜ք․

հաւկի՜թ, հաւկի՜թ,
տապկուած հաւկիթ․

դեղնուցը ինծի՛,
ճերմկուցը քեզի՛․

հաւկի՜թ, հաւկի՜թ,
խաշած հաւկիթ․

միջուկը ինծի՛,
կեղեւը քեզի՛․

հաւկի՜թ, հաւկի՜թ,
զո՛յգ մը հաւկիթ․

մէկը ինծի՛,
միւսը քեզի՛․

հաւկի՜թ, հաւկի՜թ,
համո՜վ հաւկիթ,
հոտա՛ծ հաւկիթ․

համովը ինծի՛,
հոտածը քեզի՛․

հաւկի՜թ, հաւկի՜թ,
կէտաւոր հաւկիթ,
գծաւոր հաւկիթ․

կէտաւորը ինծի՛,
գծաւորը քեզի՛․

հաւկի՜թ, հաւկի՜թ,
հարիւր հաւկիթ,
հազար հաւկիթ․

կէսը ինծի՛,
կէսը քեզի՛․

հազարին կէսը քանի՞ է․․․

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Զատիկ է

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք մատենաշար

Խոնարհները

Պատմուածքներ

Պուրակ

Կայքէջ

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ

Յակոբներ

Վէպ