մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

արեւածաղիկ

այն ո՞վ է․․․
արեւուն կը նայի,
արեւուն կը նմանի․

ծաղի՛կ, ծաղի՛կ,
ոսկի՛ ծաղիկ,
ցերեկը ուրախ
արեւածաղիկ․

ծաղի՛կ, ծաղի՛կ,
ոսկի՛ ծաղիկ,
գիշերը տխուր
արեւածաղիկ․

ցերե՞կ է,
գիշե՞ր է,
արե՞ւ թէ լուսին,
գուշակէ՜․․․

ցերե՞կ է,
գիշե՞ր է,
արե՞ւ թէ լուսին,
գուշակէ՜․․․

ծաղի՛կ,
առաւել ծաղի՛կ,
առաւել ծաղի՛կ,
հաւասար է
ծաղկեփո՛ւնջ․

արե՛ւ,
առաւել ծաղի՛կ,
հաւասար է,
ծաղի՛կ, ծաղի՛կ,
ոսկի՛ ծաղիկ,
արեւածաղիկ․

արեւածաղիկը
թաղարին մէջ,
ծաղկեփունջը
ծաղկամանին մէջ․

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ծաղկեփունջ – ա

Ծաղկեփունջ – բ

Բոյնը

Արեւ եւ անձրեւ

Այլ նիւթեր՝

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – 1

Փիլիսոփայական

Մերինները

Պատում

Քառակուսիէն դուրս

Մանկական գրքոյկ

Ուս հարթակ

Ուսուցիչներու վերամշակման ձեռնարկ