մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Ամպը

Գլխուս վրայ ամպ մը կայ,
ամպէն անձրեւ կը տեղայ…

Մաղ մաղ թող տեղայ,
մաղ մաղ անձրեւ թող տեղայ…

Անձրեւը տանիմ արտին տամ,
արտը ինծի ցորեն տայ…
Ցորենը տանիմ ջաղացքին տամ,
ջաղացքը ինծի ալիւր տայ…

Մաղ մաղ թող տեղայ,
մաղ մաղ ալիւր թող տեղայ…

Ալիւրը տանիմ տաշտին տամ,
տաշտը ինծի խմոր տայ…
Խմորը տանիմ թոնիրին տամ,
թոնիրը ինծի լաւաշ հացիկ տայ…

Մաղ մաղ թող տեղայ,
մաղ մաղ լաւաշ թող տեղայ…

Գլխուս վրայ ամպ մը կայ,
ամպէն բարիք կը տեղայ…

Մաղ մաղ թող տեղայ,
մաղ մաղ բարիք թող տեղայ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Տարոսիկ

Եղանակներու եւ տօներու տարեկան ծրագիր

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ
Սփիւռք մատենաշար

Արեւ, արեւ

Վէպ

Ղազարաւան

Պատմուածք