մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Իմ թաղս

Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութիւն

Այս աշխատանքին նպատակն է քննարկել «քաղքենիացում»ի (gentrification) երեւոյթը:
«Քաղքենիացում»ը այն երեւոյթն է, որ քաղաքին կեդրոնը գտնուող թաղերուն մէջ ապրող համեստ դասակարգի բնակիչներուն փոխարէն՝ միջին եւ բարձր դասակարգերը կը տեղաւորուին: Այս ընթացքը ընդհանրապէս կը սկսի քաղաքի մը կեդրոնը եւ անոր շուրջը գտնուող «հինցած» բնակելի տարածքներու նորոգութեամբ, հոն ուր մինչ այդ՝ համեստ դասակարգը կը բնակէր: Նորոգութենէն ճիշդ առաջ եւ նորոգութեան ընթացքին կալուածներուն մեծամասնութիւնը ձեռք կը փոխէ: Այս հանգրուանին, թաղին հին բնակիչներուն մէկ մասը կը փոխադրուի քաղաքի կեդրոնէն հեռու տեղեր՝ աւելի մատչելի բնակարաններ: Նորոգութեան շարունակութիւնով եւ միջին ու բարձր դասակարգերու այստեղ հաստատուելով, թաղամասին նախկին հասարակական հիւսուածքը արմատական փոփոխութեան կ’ենթարկուի: Այս հանգրուանին, կալուածներուն գիները եւ վարձքերը ընդհանրապէս կը բարձրանան: Բաղդատելով նախկինին՝ այստեղ մնացած հին թաղեցիներուն համար տնտեսական կեանքը հետզհետէ կը դժուարանայ, քանի որ իրենց շուրջը հիմա կը գտնուին աւելի սուղ խանութներ, շուկաներ եւ ճաշարաններ: Հետեւաբար հին բնակիչներուն այս մասն ալ կը ստիպուի հետզհետէ լքել թաղը: Տեղի ունեցածը մեծ մասամբ ակամայ/բռնի ընթացք մը ըլլալուն պատճառաւ, այս տեղափոխութիւնը կարելի է «տեղահանում» (displacement) կոչել: Քաղքենիացումը՝ աղքատներուն համար տեղահան ըլլալ, քաղաքին կեդրոնէն հեռանալ եւ կենցաղային բռնի փոփոխութեան ենթարկուիլ կը նշանակէ։ Միեւնոյն ժամանակ՝ խնդրոյ առարկայ թաղերը իրենց նախկին հիւսուածքները կը կորսնցնեն։
Քաղաքներու փոփոխութեան/նորոգութեան զանազան երեսակները նկատի առնելով, այս աշխատանքին նպատակն է գիտակցութիւն զարգացնել քաղքենիացումի երեւոյթին շուրջ եւ քննարկել թէ ինչպէս կարելի է աւելի արդար փոփոխութեան ընթացք մը որդեգրել։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Մինչ մազերս կ՚երկննային

Մանկապատանեկան վիպակ

Տարմ

Քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու հատոր

Պուրակ

Կայքէջ

Զար զընգը

Մանկապատանեկան վիպակ