մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Անկիւն, չափ եւ շարժում

Ի՞նչ կը զգանք երբ կերպար մը կը տեսնենք որ վարէն նկարահանուած է։ Ի՞նչ տպաւորութիւն կը ձգէ մեր վրայ երբ կերպար մը վերէն կը տեսնենք եւ հետզհետէ կը մօտենանք անոր։ Քամերայի իւրաքանչիւր անկիւն, չափ եւ շարժում տարբեր վիճակներ եւ զգացումներ կ՚արտայայատէ։

Կախարդական իրապաշտութիւնը

Երբ արտասովորը կը խառնուի առօրեային, հետաքրքրական հակադրութիւն մը կը ստեղծուի։ Հոսկէ մէջտեղ եկած է «կախարդական իրապաշտութիւն» արուեստի ոճը, որ նաեւ թափանցած է ֆիլմաշխարհին մէջ։ Արդեօք ինչո՞ւ կ՚ախորժինք երբ բնականը կը հիւսուի գերբնականին հետ։

Պատմողական սինեման

Բոլորս ալ դիտած ենք ֆիլմեր, ուր պատմութեան կառոյցը աւանդականէն եւ դասականէն տարբեր է։ Երբեմն ֆիլմ մը կը սկսի պատմութեան աւարտով, իսկ ուրիշ մը կ՚աւարտի պատմութեան սկիզբով։ Յայտնաբերե՛նք, թէ ի՛նչ է պատմողական սինեման, եւ ի՛նչ են ներկայ ֆիլմերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները պատմութիւն մը բեմադրելու շուրջ։

Պատկերներ կառուցելու արուեստը

Աղուոր ֆիլմ մը պարզապէս սկիզբ եւ աւարտ ունեցող պատմութեան մը դէպքերու շարքը չէ։ Հոս իւրաքանչիւր տեսարան կը պարունակէ գիտակից ու մտածուած հնարքներ եւ գեղագիտական լուծումներ, որոնք ոչ միայն կ՚օժանդակեն ֆիլմի ընդհանուր նիւթին, այլ կ՚արտայայտեն միտքեր եւ զգացումներ՝ խօսքէն անդին։

Ինչո՞ւ ֆիլմ կը դիտենք

Շարժող պատկերներով պատմութիւններ պատմելու ծնունդէն ի վեր, սինեման եւ ֆիլմերը մեզ կը կախարդեն։ Ժամանց մը ըլլալէ բացի, անոնք կ՚արտացոլեն մեր երազները, վախերը եւ յոյսերը։ Փորձենք մտածել, թէ ճիշդ ի՞նչ է ֆիլմը եւ ինչո՞ւ այսքան ազդեցութիւն ունի մեր վրայ։

Սինեմայի հարուստ աշխարհը

Ֆիլմ դիտելը հաճելի ժամանց մըն է։ Իսկ աղուոր ֆիլմ մը դիտելը եւ զայն արժեւորելը, ժամանցին զուգահեռ, աւելի խորունկ փորձարութիւն մը կու տայ։ Աղուոր ֆիլմ մը կարողութիւնը ունի պատմութիւններու ընդմէջէն մեզ տեղափոխել վայրեր, ուր ժամանակներու եւ մշակոյթներու սահմանները գրեթէ գոյութիւն չունին։ Ֆիլմը կը յաջողի արտայայտել միտքեր եւ յուզումներ՝ պատմութիւն մը պատմելու հետաքրքրական հնարքներ առաջարկելով, անոնց յարմար […]