մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

100 Պատկեր

100 պատկեր»ը կարճ թատերախաղիկներու շարք մըն է, որ կ’ընդգրկէ առօրեայ կեանքի զանազան կացութիւններու մէջ գործածուող արեւմտահայերէն տրամադրելի հիմնական բառեր ու արտայայտութիւններ։

Տասնորդական թիւերը եւ անդեզրը

Այցելեցինք անդեզրի թուաբանութեան խմբակը ուր աշխատեցանք տասնորդական թիւերուն հետ: Բաղդատեցինք, գումարեցինք եւ հանեցինք տասնորդական թիւերը: Տեսանք անդեզրի դիւրութիւններն ու վտանգները:

Համաչափութիւն

Կը ծանօթանանք համաչափութեան: Կը գծենք պատկերներու համաչափները, համաչափութեան առացնքները: Կը տեսնենք բնութեան եւ կեանքի այլ ոլորտներուն մէջ համաչափութիւնները:

Ուժանիւթ եւ կոտորակներ

Կը ծանօթնանք ուժանիւթի տարբեր տեսակներուն: Կը հասկնանք վերանորոգուող ուժանիւթի գործածութեան կարեւորութիւնը: Կ’ուսումնասիրենք կոտորակները, անոնց յատկութիւնները, գումարումը, հանումը եւ բազմապատկութիւնը:

Վիճակագրութիւն եւ տուեալներու գիտութիւն

Տուեալներու գիտութեան հանգրուաններն ու դրական եւ բացասական կողմերը ներկայացնելէ ետք, կ’աշխատինք վիճակագրական տուեալներու վերլուծութեամբ: Կը ծանօթանանք քանակական եւ որակական տուեալներու ներկայացման տարբեր ձեւերուն: Կը հաշուենք քանակական տուեալներու հեռաւորութիւնը, կրկնուողը, միջինը, միջնական:

Պաթոլա կամ Բատոլա – պատկեր դ

Ժնջի՜լ ժնջիլ, կանանչ խոտը ո՞ւր է… Ա՛յծը կերաւ… Ժնջի՜լ ժնջիլ, այծը ո՞ւր է… Գա՛յլը կերաւ… Ժնջի՜լ ժնջիլ, գայլը ո՞ւր է… Ա՛րջը կերաւ… Ժնջի՜լ ժնջիլ, արջը ո՞ւր է… Սո՛ւրը կերաւ… Ժնջի՜լ ժնջիլ, սուրը ո՞ւր է… Ժա՛նգը կերաւ… Ժնջի՜լ ժնջիլ, ժանգը ո՞ւր է… Ի՛ւղը կերաւ… Հարի, հարի խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի… Մէջդ բարի խնոցի, նայ […]

Գիտական մեթոտը եւ անկիւն կիսողը

Այստեղ կը ներկայացուին գիտական մեթոտն ու անոր հանգրուանները: Գիտական մեթոտը կը կիրառուի մայրամուտի տարբեր գոյները վերլուծելու համար: Ուսողութեան բաժնին մէջ կը ծանօթանանք անկիւն կիսողին, կը սորվինք գծել զայն, տարբեր հաշիւներ կը կատարենք եւ խնդիրներ կը լուծենք օգտագործելով  անկիւն կիսողի սահմանումը:

Փոփոխականներու պատմութիւնը եւ գործածութիւնը

Կը ծանօթանանք փոփոխականներու պատմութեան: Ուրկէ՞ կու գան: Ինչո՞ւ այս տառերն են որ ամենէն շատ կը գործածենք հանրահաշիւին մէջ: Ի՞նչ պիտի ըլլար եթէ օգտագործէինք ք-ն, փ-ը եւ անոնցմով ծանօթանայինք փոփոխականներու յատկութիւններուն:

Արհեստական բանականութիւն եւ հատուածի մը ուղղահայեաց երկհատիչ գիծը

Արհեստական բանականութեան ծանօթացում մըն է: Կը գործածենք ՉէթՃիՓիԹին: Կը հասկնանք արհեստական բանականութեան առաւելութիւններն ու վտանգները: Կը սահմանենք եւ կը գծենք հատուածի մը ուղղահայեաց երկհատիչ գիծը օգտագործելով ուղղաչափը, գծաքաշը կամ կարկինը: Կը յայտնաբերենք ուղղահայեաց երկհատիչ գիծին տարբեր յատկութիւններն ու կը կիրառենք զանոնք: