մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Պատկերներ կառուցելու արուեստը

Աղուոր ֆիլմ մը պարզապէս սկիզբ եւ աւարտ ունեցող պատմութեան մը դէպքերու շարքը չէ։ Հոս իւրաքանչիւր տեսարան կը պարունակէ գիտակից ու մտածուած հնարքներ եւ գեղագիտական լուծումներ, որոնք ոչ միայն կ՚օժանդակեն ֆիլմի ընդհանուր նիւթին, այլ կ՚արտայայտեն միտքեր եւ զգացումներ՝ խօսքէն անդին։

Ինչո՞ւ ֆիլմ կը դիտենք

Շարժող պատկերներով պատմութիւններ պատմելու ծնունդէն ի վեր, սինեման եւ ֆիլմերը մեզ կը կախարդեն։ Ժամանց մը ըլլալէ բացի, անոնք կ՚արտացոլեն մեր երազները, վախերը եւ յոյսերը։ Փորձենք մտածել, թէ ճիշդ ի՞նչ է ֆիլմը եւ ինչո՞ւ այսքան ազդեցութիւն ունի մեր վրայ։