Պաթոլա կամ Բատոլա

Երկու հազար տասնութին ծնաւ Տարոսիկը։Տարոսիկը՝ափին մէջ ամփոփուող գիրք մը գողտրիկ,որ կ՚ընդգրկէ ամբողջ տարուան տօնական խաղիկները․․․Փոքրիկ գիրքին հետ նաեւ քսակ մը,լի հազարաշէնի փայտիկներով․․․ Երա՛զ մը,որ ամէն մէկ երդիքէ մտնէր Տարոսիկը,ամէն մէկ ընտանիք,գլխուն վրայ ունենար հարազատ հազարաշէն մըու հնչեցնէր մոռցուած կամ լռած,մեր հազար ու մէկ խաղիկները․․․ Տարոսիկը հիւսուեցաւերիտասարդներուն ձայնով եւ ձիրքով։Երիտասարդներ, որոնք մեծցած էին մեր քիթին տակ,իսկ […]
Ուս հարթակ

«Ուս Հարթակ»-ը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայերէնով դասաւանդող Սփիւռքի ուսուցիչներու վերամշակման ձեռնարկ մըն է։ Նպատակն է՝ ժամանակակից մօտեցումով հայ դպրոցներէն ներս ուսուցիչներուն աշխատանքը դարձնել աւելի արդիւնաւէտ եւ ներկայացուած նիւթերը՝ աւելի իմաստալից ու հայ մանուկին հաճելի։ Ուս Հարթակը իր գործունէութիւնը սկսած է 2020-2021 տարեշրջանին, նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Մարի Կիւլիւմեանի, տնօրէն՝ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին (ANEC)։ Յաջորդող 2021-22 եւ […]
Հայաւանդ

«Հայաւանդ»ը Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի առցանց հարթակն է, ուր կարելի է գտնել արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու դասերու ձեւանմոյշներ՝ յարմար 12-15 տարեկան հայախօս աշակերտներու։«Հայաւանդ»ի ճամբով կարելի է պատանիին հայերէնով հրամցնել նիւթեր, որոնք ժամանակակից են եւ կ՚առնչուին այսօրուան ընկերութեան եւ աշխարհին։Հարթակը ուղղուած է արեւմտահայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներուն։ Հարթակէն կրնան օգտուիլ ամէնօրեայ կամ միօրեայ հայկական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող եւ արեւմտահայերէնով դասաւանդող […]
Նկարչութեան դասական դպրոցները եւ արդի ձգտումները

Զարեհ Մութաֆեանի այս գիրքը, իր բառերով «պտոյտ մըն է ժամանակին ու միջոցին մէջ»»։ Մութաֆեան կը վերլուծէ նկարչութեան դպրոցները իրենց ամենէն յատկանշական արուեստագէտներու գործերուն մեկնաբանութեան ընդմէջէն։ Ըստ Մութաֆեանին, «անցնելով դպրոցէ դպրոց, կը տեսնենք ինչպէս արուեստը ամէն մէկ ձգտումին մէջ կը ծնի, կ՚երիտասարդանայ ու կը ծերանայ, բայց չի՛ մեռնիր, միշտ կը վերածնի։ Իւրաքանչիւր դպրոց ջահը կը փոխանցէ […]
Բագին

Բագին 1963 թուականէն ի վեր լոյս տեսնող գրական պարբերաթերթ մըն է։ Ներկայիս՝ հանդէսին խմբագիրն է Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան։ Տարեկան 3-4 թիւ հրատարակուելով, Բագին ունի հսկայական արխիւ։ 2008-էն ի վեր թիւերը կարելի է գտնել Բագինի կայքէջին, իսկ աւելի հին արխիւը ամբողջութեամբ տրամադրելի է Հայաստանի Ազգային Գրադարանի մամլոյ բաժինէն։ Համազգայինի կողմէ հրատարակուող Բագինը տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակէ […]
Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Այստեղ ներկայացուած վարժութիւնները պատրաստուած են Զարդիս մատենաշարի գիրքերը որպէս կրթական ծրագիր գործածելու համար։ Վարժութիւններու ընդհանուր քանակ՝ 236
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ազատ հանրագիտարանը 2019-ի սկիզբէն ի վեր անկախ արեւմտահայերէն հարթակ մըն է։ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ստեղծուած է արեւմտահայերէն լեզուին առանձին համակարգչային լեզուական կարգանիշ մը ստանալէն յետոյ։ «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տարած ջանքերով, արեւմտահայերէնը Յունուար 2018-ին օժտուեցաւ յատուկ ISO 639-3 լեզուական «hyw» կարգանիշով։ Կարգանիշի բացակայութիւնը երկար ժամանակ հիմնական խոչընդոտը եղած էր […]
Յառաջ օրաթերթ

Յառաջ թերթը Եւրոպայի առաջին հայերէն օրաթերթն է, որ լոյս տեսած է 1925-էն մինչեւ 2009։ Տասնամեակներու ժառանգութիւն ամբարած օրաթերթին էջերը կը պարունակեն յատկապէս Ֆրանսայի, բայց նաեւ ամբողջ հայկական սփիւռքի կեանքին վկայութիւնը։ Ինչպէս նաեւ, Յառաջ եւ իր «Միտք եւ Արուեստ» շաբաթական յաւելուածը Եւրոպայի մէջ հայալեզու գրական կեանքին կարեւոր սատարողներէն մէկը եղած են։ 2011-էն 2018 տեւած թուայնացումի երկարաժամկէտ […]
Բառիկ

Բառիկը համակարգչային առցանց խաղ մըն է, որ ամէն օր խաղացողներուն կը հրամցնէ հինգ տառէ բաղկացած բառ մը գուշակելու առիթ։ Բառերը գուշակելու համար՝ խաղացողը ունի վեց փորձի իրաւունք, եւ ամէն բառ մը դնելուն՝ խաղը ցոյց կու տայ թէ ո՛ր տառերուն տեղերը կը համընկնին բուն բառի տառերուն՝– Եթէ տառը ճիշդ է բայց տեղը սխալ է բառին մէջ՝ […]
Արդի տառատեսակ

«Արդի» մանկական ձեռագիր տառատեսակ մըն է, զոր կարելի է գործածել ամէն տեսակ ժամանակակից միջոցներով, թէ՛ պաստառներու վրայ եւ թէ՛ տպագրական աշխատանքներու ժամանակ։ «Արդի» պատրաստուած է ի մտի ունենալով դպրոցական ծրագիրներու մէջ գործածուած սկզբունքները, եւ այդպիսով շարունակականութիւն մը կը ստեղծէ դպրոցական գիրքերուն, հրատարակութիւններուն եւ զանազան կիրարկամիջոցներու պատրաստութեան հետ։ «Արդի» հրապարակուած է Համազգայինի մանկապատանեկան ծրագիրներու խմբակին կողմէ։