մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Աղուոր բաներ

«Աղուոր բաներ» ծրագիրը իր կայքէջին եւ հասարակական ցանցերու էջերուն միջոցաւ օրական դրութեամբ կը տարածէ բառ մը, խօսք մը, երկտող մը, նկար մը, ձեւաւորում մը, ձայն մը կամ տեսերիզ մը։ Նպատակն է համացանցի վրայ ժամանակ անցընող հետեւողներուն ներկայացնել մատչելի եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի ներկայութիւն մը։ Նիւթերը ընդհանրապէս ներշնչուած են առօրեայ խօսքերէ, քիչ գործածուող բառերէ, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ […]

Փոքրիկ

«Փոքրիկ»-ը արեւմտահայերէն հէքիաթներ հրամցնող կայքէջ մըն է, որ ծնունդ առած է Պոլսոյ մէջ 2014-ին։ Հոս ներկայացուած աւելի քան 100 լսատեսողական հէքիաթները փոխ առնուած են ժողովրդական գրականութենէն, տարբեր ժողովուրդներու աւանդական ու ժողովրդական առասպելներէն, դիցաբանութիւններէն, առակներէն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մանկական գրականութեան դասականներէն եւ ժամանակակից աղբիւրներէ: «Փոքրիկ»-ի ծանուցումը կ՚ըսէ թէ իր նպատակն է «հաստատել աւելի ջերմ եւ մտերիմ […]

Փթիթ

«Փթիթ»ը ե՛ւ կայքէջ է, ե՛ւ խելախօսի յաւելուած։ Որպէս մանկապատանեկան պարբերաթերթ սկսած է «Փթիթ»ը, ծնունդ առնելով Պէյրութի մէջ 2010 թուականին։ «Փթիթ»ը հարուստ է իր զանազան տեսակի խաղերով. լեզուական, թուաբանական, տրամաբանական եւ ժամանցի։ Ունի նաեւ այլ հետաքրքրական բաժիններ՝ պատ-մութիւն, առակ, հանելուկ եւ ժպիտ։ Իր մատչելի բաժիններով, «Փթիթ»ին կայքէջը հետաքրքրական կայան մըն է, որուն կարելի է երկար ժամեր […]

Վլում

Վլում հարթակ մըն է ելեկտրոնային եւ ձայնային գիրքերու։ Բջիջային հեռաձայնի ծրագիրներու միջոցաւ կարելի է գտնել եւ գնել զանազան հետաքրքրական գիրքեր, անգլերէն, արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուներով։ Վլում կը ներկայանայ որպէս հսկայական թուային գրադարան մը, որ հասանելի է iOS, ե՛ւ Android համակարգերու վրայ։ Հրատարակիչներու կողմէ տրամադրուած հարիւրաւոր գիրքերու թուային տարբերակները Վլում կը ներկայացնէ ընթերցողներուն։ Վլում ստեղծուած է […]

Պուրակ

Պուրակը Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի հարթակն է, ուր կարելի է գտնել տեսերիզներու միջոցաւ դասաւանդուող զանազան նիւթեր: Նախատեսուած է նախակրթարանի երեխաներուն համար։ Ներկայիս հրամցուած 12 նիւթերը ընդգրկուած են հինգ վերնագիրներու տակ՝ «Հայ լեզու», «Պատմութիւն», «Աշխարհագրութիւն», «Թուաբանութիւն» եւ «Գիտութիւն»։ հրամցուած նիւթերը արեւմտահայերէնով կը հրամցնեն յղացքներու բացատրութիւններ եւ անոնց համապատասխան վարժութիւններ։ Ծրագրի կայքէջին վրայ կը կարդանք […]

Յուշամատեան

«Յուշամատեան»-ի հիմնական նպատակն է հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել  Օսմանեան կայսրութեան հայերուն կեանքին յիշողութիւնը։ Յօդուածներու, քարտէսներու, նկարներու, ձայնային արձանագրութիւններու եւ տեսերիզներու միջոցաւ, կայքէջին այցելուները կը յայտնաբերեն օսմանեան հայերու կեանքը, արուեստները, արհեստները, ուտելիքները, կրթական եւ հոգեւոր կեանքը, ընկերային միջավայրը եւ շատ աւելին։ Յուշամատեան կայքէջին մէջ կան երեք հիմնական բաժիններ. առաջին, յօդուածներ աշխարհագրական յատուկ վայրի մը հայկական […]

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը, ճանչցուած նաեւ որպէս Տիճիլիպ, համացանցային գրադարան մըն է, որ կը բովանդակէ թէ՛ դասական, թէ՛ արդի գրականութեան հսկայական պաշար մը։20 տարուան պատմութիւն ունեցող հաստատութեան հաւաքածոն բաժնուած է զանազան մասերու, որոնցմէ «Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն» բաժինը ունի աւելի քան 500 ծրագրուած միաւոր։ Ասոնց մէկ մասը թուայնացուած է, իսկ մնացածը թուայնացման ընթացքին մէջն է։ […]