Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ազատ հանրագիտարանը 2019-ի սկիզբէն ի վեր անկախ արեւմտահայերէն հարթակ մըն է։ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ստեղծուած է արեւմտահայերէն լեզուին առանձին համակարգչային լեզուական կարգանիշ մը ստանալէն յետոյ։ «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տարած ջանքերով, արեւմտահայերէնը Յունուար 2018-ին օժտուեցաւ յատուկ ISO 639-3 լեզուական «hyw» կարգանիշով։ Կարգանիշի բացակայութիւնը երկար ժամանակ հիմնական խոչընդոտը եղած էր […]