Բառաստան

«Բառաստան»ը առցանց բառարան եւ բառացուցակ մըն է, որ կը պարունակէ հայերէն 35 հազար եւ ֆրանսերէն շուրջ 25 հազար բառ: Բառաստանը կարելի է գործածել գլխաւոր երկու ձեւով, թէ՛ որպէս բառարան, կատարելով որոնումներ եւ թէ՛ որպէս բառացուցակ, հետեւելով 32 բնաբանական գլուխներէ բաղկացած ցուցակին։Բառացուցակին 32 գլուխները բաժնուած են ութը մասերու՝ «Առօրեայ կեանք», «Մարմին եւ ժամանց», «Բնութիւն եւ աշխարհագրութիւն», […]
Նայիրի

«Նայիրի» հայերէնի ելեկտրոնային բառարաններու գրադարան է։ Կայքէջը ունի հայերէնի, ինչպէս նաեւ երկլեզու թուային բառարաններ։ Բառ մը փնտռելու համար կարելի է գործածել գլխաւոր էջին վրայ գտնուող տուփիկը։ Նոյն տուփիկը կարելի է գործածել նաեւ ուղղագրութիւն սրբագրելու եւ նմանաձայն բառեր գտնելու համար։ ՆԿԱՐԻ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ (1-2) Գրելու համար կարելի է ձեր նախասիրած հայերէն ստեղնաշարը ընտրել սեղմելով փոքրիկ ստեղնաշարի նկարը։ […]