մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Խորանարդապաշտութիւնը

Առարկան տեսնելու նոր ձեւ մըն է, որ կը տարբերի միւս ձգտումներուն տեսնելու ձեւերուն։ Բոլոր շրջաններու մէջ ալ նկարուած են առարկաներ, բայց իբրեւ նկարի մը կարգաւորութեան մասնակցող նիւթ։ Ինքնավար կը դառնայ այս ձգտումին մէջ նաթիւր մորթ անունին տակ ու կը յարմարի միշտ միջավայրի պահանջին։ Այս բաժնին մէջ տեղ գտած են յետեւեալ արուեստագէտները՝ Փիքասօ (Picasso, Pablo) Պրաք […]

Ապագայապաշտութիւնը

«Ապագայապաշտութիւնը հիմնուած է շարժումի եւ թափանցկութեան վրայ։ Այս ձգտումին մէջ ամէն բան կը շարժի եւ արագօրէն կը բազմապատկուի։ Ձի մը, որ կը վազէ, չորս ոտք չունի, այլ՝ տասնըչորս ու անոր ոտքերուն շարժումները եռանկիւնաձեւ են…։ Արհամարհելով իմացական եւ զգայնական դարաւոր ժառանգութիւնը, ապագայապաշտները կ՚ուզեն ստեղծել «ուժական զգայնութիւնները» գիծերու ցանցերով»։

Իտալական ինը հարիւրը

Ինըհարիւրի մէջ կը վերերեւին խոնարհ նիւթերը իբրեւ հակաճառութեան զէնք օրուան քաղքենի ճաշակին դէմ։

Տատաիզմը

Այս խումբին համար պատերազմը քստմնելի ոճիր է, ատկէ՝ անոնց ընդվզումը եւ հաստատուած արժէքները ժխտելու պահանջը։ Այս բաժնին մէջ տեղ գտած են յետեւեալ արուեստագէտները՝ Տիւշան (Duchamp, Marcel)

Գերիրապաշտութիւնը

Առաջին աշխարհամարտին ստեղծած խառնաշփոթութեան հետեւանքն է գեղագիտական այս նոր յեղափոխութիւնը։ Նկարչութեան այս նոր լեզուին հայրն է Ֆրէօտ։ Այս բաժնին մէջ տեղ գտած են յետեւեալ արուեստագէտները՝ Միրօ (Miro, Joan) Քլէ (Klee, Paul) Տալի (Dali, Salvador) Շակալ (Chagall, Marc)

Նկարչութեան դասական դպրոցները եւ արդի ձգտումները

Զարեհ Մութաֆեանի այս գիրքը, իր բառերով «պտոյտ մըն է ժամանակին ու միջոցին մէջ»»։ Մութաֆեան կը վերլուծէ նկարչութեան դպրոցները իրենց ամենէն յատկանշական արուեստագէտներու գործերուն մեկնաբանութեան ընդմէջէն։ Ըստ Մութաֆեանին, «անցնելով դպրոցէ դպրոց, կը տեսնենք ինչպէս արուեստը ամէն մէկ ձգտումին մէջ կը ծնի, կ՚երիտասարդանայ ու կը ծերանայ, բայց չի՛ մեռնիր, միշտ կը վերածնի։ Իւրաքանչիւր դպրոց ջահը կը փոխանցէ […]

Անկիւն, չափ եւ շարժում

Ի՞նչ կը զգանք երբ կերպար մը կը տեսնենք որ վարէն նկարահանուած է։ Ի՞նչ տպաւորութիւն կը ձգէ մեր վրայ երբ կերպար մը վերէն կը տեսնենք եւ հետզհետէ կը մօտենանք անոր։ Քամերայի իւրաքանչիւր անկիւն, չափ եւ շարժում տարբեր վիճակներ եւ զգացումներ կ՚արտայայատէ։

Կախարդական իրապաշտութիւնը

Երբ արտասովորը կը խառնուի առօրեային, հետաքրքրական հակադրութիւն մը կը ստեղծուի։ Հոսկէ մէջտեղ եկած է «կախարդական իրապաշտութիւն» արուեստի ոճը, որ նաեւ թափանցած է ֆիլմաշխարհին մէջ։ Արդեօք ինչո՞ւ կ՚ախորժինք երբ բնականը կը հիւսուի գերբնականին հետ։

Պատմողական սինեման

Բոլորս ալ դիտած ենք ֆիլմեր, ուր պատմութեան կառոյցը աւանդականէն եւ դասականէն տարբեր է։ Երբեմն ֆիլմ մը կը սկսի պատմութեան աւարտով, իսկ ուրիշ մը կ՚աւարտի պատմութեան սկիզբով։ Յայտնաբերե՛նք, թէ ի՛նչ է պատմողական սինեման, եւ ի՛նչ են ներկայ ֆիլմերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները պատմութիւն մը բեմադրելու շուրջ։

Պատկերներ կառուցելու արուեստը

Աղուոր ֆիլմ մը պարզապէս սկիզբ եւ աւարտ ունեցող պատմութեան մը դէպքերու շարքը չէ։ Հոս իւրաքանչիւր տեսարան կը պարունակէ գիտակից ու մտածուած հնարքներ եւ գեղագիտական լուծումներ, որոնք ոչ միայն կ՚օժանդակեն ֆիլմի ընդհանուր նիւթին, այլ կ՚արտայայտեն միտքեր եւ զգացումներ՝ խօսքէն անդին։