մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Գիտութիւն Բ. Տարի

«Գիտութիւն Բ Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 10 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողու-թիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղա¬փար-ներու վրայ։ «Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն […]

Գիտութիւն Գ. Տարի

«Գիտութիւն Գ Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 12 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողու-թիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղա-փարներու վրայ։ «Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն […]

Տարեդարձը

Եկէ՛ք, կարկանդա՛կ մը թխենք եւ տօնենք, բայց արդեօք որո՞ւն տարեդարձն է։ Անո՛ր, որ առաջինը կը փչէ ու կը մարէ մոմերը։ Քանի՞ մոմ…

Լուացքը

Ձեռնախաղ` երեքէն վեց տարեկաններու համար…։ Մամիկ թոռնիկ, ա՛փ մը նուշ, ե՛ւ… անո՛ւշ թոռնիկ։ Մամիկ թոռնիկ, պտղո՛ւնց մը աղ, ե՛ւ… աղուո՛ր թոռնիկ։ Անուշիկ թոռնիկ, աղուորիկ թոռնիկ, ինքը մէկ թիզ, լեզուն երկա՛ր՝ եօթը թիզ։ Մեր խաղաշխարհը կը սկսի երեխային աշխարհը չափելու միջոցներով։ Մէկ մատ է, քանի՞ թիզ է…։ Հեռու չէ՛, երկու քայլ է…։ Առօրեայ խաղերու ժամանակ գործածել […]

Ցուրտ ձմեռը

Ցօ է, Ձա է, ցո՜ւրտ ձմեռ է… Ձա է, Ցօ է, ձմեռը ցո՛ւրտ է… Կը մսիմ, կը մսիմ, գլխարկ չունիմ կը մսիմ՝ հապչի՛… Ցօ է, Ձա է, ցո՜ւրտ ձմեռ է… Ձա է, Ցօ է, ձմեռը ցո՛ւրտ է… Կը մսիմ, կը մսիմ, գլխարկ չունիմ, վզկապ չունիմ կը մսիմ՝ հապչի՛, հապչի՛… Ցօ է, Ձա է, ցո՜ւրտ ձմեռ […]

Մատիտը եւ Նինինուն

Մատիտը եւ Նինինուն ճերմակ թուղթին վրայ, սեւ գիծերով կը խաղան… Աջ, ձախ, վեր, վար, կը գծեն աչուկները, քիթը, բերանը, թել թել մազերը Լալային… Աւելին՝ փորիկը, թաթիկները, տոտիկները եւ անշո՛ւշտ կարմիր կօշիկները… Իսկ երբ Լալային կարմիր կօշիկը կը կապեն…

Իմ մամաս ու ես

Մամային սեւ սեւ մազերէն կախուած, մէկէն մինչեւ ինը համրելով, համբերելով, դիտողը կը մանկանայ ու կը հասնի տաքո՜ւկ գիրկը մամային…

Ճիճոզը

Աչխփուկ, պահուըտուք, փսփսուք, փնտռտուք եւ հանելուկ… Հինգ հանելուկները գուշակելով, կամա՜ց կամաց թաքստոցէն կը յայտնուի պահուըտուք խաղացող Ճիճո՛զը։ Իսկ երբ հարցնեն, թէ ինչո՞ւ խոշոր աչքեր, ականջներ եւ ձեռքեր ունի, Ճիճոզը բոլորի՜ն՝ ամբո՛ղջ աշխարհին աղուոր պատասխան մը ունի։

Արեւ եւ անձրեւ

Թութուպան եւ Խուճկուլուլուն, այսինքն՝ թիթեռնիկը եւ խխունջիկը, վաղեմի ընկերներ են, սակայն խնդիր մը ունին․ մէկը արե՛ւ կ՚ուզէ, միւսը անձրե՛ւ։ Անձրեւին՝ մէկը տխուր, միւսը ուրախ, արեւին՝ մէկը ուրախ, միւսը տխուր… Երկու ընկեր ի՞նչ ու ինչպէ՞ս ընեն, որ միաժամանակ ուրա՛խ ըլլան…

Երանի

Թրթուրիկ Թութուպան տասնվե՛ց տոտիկ ունի, իսկ խխունջիկ Խուճկուլուլուն՝ ո՛չ մէկ տոտիկ։ Անտրամաբանական է։ Երանի չէ՞ր ըլլար, եթէ Թութուպային վեց տոտիկները Խուճկուլուլուի՛նը ըլլային։ Երանի՜… Հապա՞ եթէ ուրիշ լուծում մը գտնենք…