մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

մատիկները

մատի՜կ մատի՜կ, մէկ հատ մատիկ՝ բթամատիկ… մատի՜կ մատի՜կ, երկու հատ մատիկ՝ բթամատիկ եւ ցուցամատիկ… մատի՜կ մատի՜կ, երեք հատ մատիկ՝ բթամատիկ, ցուցամատիկ եւ միջնեմատիկ… մատի՜կ մատի՜կ, չորս հատ մատիկ՝ բթամատիկ, ցուցամատիկ, միջնեմատիկ եւ մատնեմատիկ… մատի՜կ մատի՜կ, հինգ հատ մատիկ՝ բթամատիկ, ցուցամատիկ, միջնեմատիկ, մատնեմատիկ եւ ճկոյթ մատիկ… եկա՜ն, եկա՜ն հինգ հատ մատիկ… եկա՜ն, եկա՜ն սուսիկ փուսիկ ե՜ւ… […]

հացիկը

բթամատիկը ալի՛ւր մաղեց, ալի՛ւր մաղեց… ցուցամատիկը խմո՛ր շաղեց, խմո՛ր շաղեց… միջնեմատիկը թոնի՛րը վառեց, թոնի՛րը վառեց… մատնեմատիկը հացի՛կ թխեց, հացի՛կ թխեց… ճկոյթիկը հա՛մ, հացիկը կերա՜ւ… ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով, հացիկը ուտեմ պանիրով… դեղի՛ն պանիր, ծա՛կ ծա՛կ պանիր… ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով, հացիկը ուտեմ պանիրով եւ լոլիկով… լոլիկը կարմիր է, գլխարկը կանանչ է… ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով, հացիկը ուտեմ պանիրով, […]

Մէկը միւսը

Մէկը «ա՛յ» կ՚ըսէ, միւսը՝ «ո՛ւյ», ահաւասիկ երգը պատրաստ է։

Լոռիին արջուկը

Արջուկը այս ձմեռ ալ պիտի քնանայ, մինչեւ որ գարունը հասնի։ Իսկ Լոռին այս գիշեր պիտի կարենա՞յ աչուկները գոցել։ Թերեւս արջուկը օգնէ։

Ճոր ճոր

Մեծ մայրիկը ճօճաթոռին վրայ նստած է․ գիրկի թոռնիկը շուտով մշիկ մշիկ պիտի քնանայ, մինչ պատէն կախուած լուսանկարները, հեռո՜ւ մօտիկ անցեալէն, գոհունակ կը դիտեն գեղեցիկ ներկան։

Նուարդիկին կոճակը

Երբ մկնիկը գայ Նուարդիկին ակռան առնելու, Նուարդիկը ի՞նչ պիտի ուզէ փոխարէնը։ Կոճակ մը բաւարա՞ր է։

կիրակի

ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի՜․ դպրոց, տուն, եկեղեցի՜․ արամիկը շապիկ հագաւ, սարկաւագը ուրախացա՜ւ․ նունիկը պատարագը մտիկ ըրաւ, վարդապետը ուրախացա՜ւ․ պապա՜, պապա՜, տէր տէր պապա․ պապա՜, պապա՜, կաղանդ պապա․ պապա՜, պապա՜, հաճի պապա․ պապա՜, պապա՜, մե՜ծ պապա․ զանգակատունը հո՛ս է, գմբեթը ո՞ւր է․ արամիկը շապիկ կը հագնի եւ շարական կը սորվի․

գլխացաւը

օրիորդ նազիկը ըսաւ․ – ցա՛ւ, ցա՛ւ, գլխացա՛ւ․ օրիորդ նազիկը դպրոց չեկաւ, արամիկը ուրախացա՜ւ․ օրիորդ նազիկը դպրոց չեկաւ, նունիկը տխրեցա՜ւ․ օրիորդ նազիկը գնաց դեղարան․ դեղարա՜ն, դեղարա՜ն, դեղերը շարա՜ն շարան․

ճաշիկը եւ փորիկը

եկա՜ւ, եկա՜ւ, դգալը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է դանակը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, դանակը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է պնակը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պնակը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է պատառաքաղը»․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, պատառաքաղը եկաւ ու ըսաւ․ «ո՞ւր է ճաշիկը»․ պնա՛կ, պնա՛կ, պարա՛պ պնակ․ պնա՛կ, պնա՛կ, լեցո՛ւն պնակ․ փորի՛կ, փորի՛կ, պարա՛պ փորիկ․ փորի՛կ, փորի՛կ, լեցո՛ւն փորիկ․ ուտե՜մ, ուտե՜մ, ի՞նչ […]

ձուկը եւ մուկը

տապա՛կ, տապա՛կ, ծա՛կ տապակ․ ծա՛կ տապակ, տակը կրա՛կ․ ձո՛ւկը, մո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․ մո՛ւկը, ձո՛ւկը, մէ՛կ տապակ․ ձո՛ւկը ուտեմ, մո՛ւկը նետեմ․ մո՛ւկը նետեմ, ձո՛ւկը ուտեմ․ մո՛ւկը ուտեմ, ձո՛ւկը նետեմ․ ձո՛ւկը նետեմ, մո՛ւկը ուտեմ․ կրա՜կ, կրա՜կ, մաղ մա՜ղ կրակ․ կրա՜կ, կրա՜կ, հար հա՜ր կրակ․ գտի՛ր տապակը, վառէ՛ կրակը, տապկէ՛ հաւկիթը․