Վարձու սենեակ

Վարձու սենեակ պատմուածքներու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1939-ին, Փարիզի մէջ։ Որբունիի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի հայ գաղութի կեանքէն պատկերներ։ Գիրքին վերջաւորութեան կայ նաեւ Զարեհ Որբունիի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Մտածենք եւ լուծենք – Մանկապարտէզ

Մտածենք եւ լուծենք – Մանկապարտէզ դասագիրքը կը պատկանի Մտածենք եւ լուծենք շարքին։ Այս դասագիրքը գործածելով, մանկապարտէզի երեխաները կը յայտնաբերեն թուաբանութեան աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ընտրուած նիւթերը եւ վարժութիւնները փոքրիկ թուաբանագէտները կը մղեն ինքնուրոյն աշխատանքի, գիտելիքներ կառուցելու եւ խնդիրներ լուծելու միջոցաւ։ Ստանալու համար դիմել Նարեկացի գրատուն։ Այստեղ կարելի է գտնել դասագիրքին մէջ ներառուած նիւթերուն ցանկը։ Ա Մաս […]
Մտածենք եւ լուծենք – Ա տարի

Մտածենք եւ լուծենք – Ա տարի դասագիրքը կը պատկանի Մտածենք եւ լուծենք շարքին։ Այս դասագիրքը գործածելով, Ա դասարանի երեխաները կը յայտնաբերեն թուաբանութեան աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ստանալու համար դիմել Նարեկացի գրատուն։ Այստեղ կարելի է գտնել դասագիրքին մէջ ներառուած նիւթերուն ցանկը։ Ա Մաս Բաղդատել 1-10 թիւերը Բաղդատել եւ շարել 1-10 թիւերը Ճանչնալ թիւերը Թիւերը գումարել Ճանչնալ ձեւերը […]
Մտածենք եւ լուծենք – Բ տարի

Մտածենք եւ լուծենք – Բ տարի դասագիրքը կը պատկանի Մտածենք եւ լուծենք շարքին։ Այս դասագիրքը գործածելով, Բ դասարանի երեխաները կը յայտնաբերեն թուաբանութեան աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ստանալու համար դիմել Նարեկացի գրատուն։ Այստեղ կարելի է գտնել դասագիրքին մէջ ներառուած նիւթերուն ցանկը։ Ա Մաս 0-50 թիւերը Գումարում-հանում Կարդալ թիւերու շարքը Գծակից կէտեր Երկարութիւն մը չափել 0-99 թիւերը Տասնեակը […]
Մտածենք եւ լուծենք – Գ տարի

Մտածենք եւ լուծենք – Գ տարի դասագիրքը կը պատկանի Մտածենք եւ լուծենք շարքին։ Այս դասագիրքը գործածելով, Գ դասարանի երեխաները կը յայտնաբերեն թուաբանութեան աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ստանալու համար դիմել Նարեկացի գրատուն։ Այստեղ կարելի է գտնել դասագիրքին մէջ ներառուած նիւթերուն ցանկը։ Ա Մաս 1-էն մինչեւ 100 թիւերը Գումարում 9-էն մինչեւ 999 թիւերը Երկարութեան չափեր Աւելցնել 1, 10, […]
Անջրպետի մը գրաւումը

«Անջրպետի մը գրաւումը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1928-ին, Փարիզի։ Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնները ընթերցողին կը ներկայացնեն սփիւռք դառնալու փորձառութիւնը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են «Սփիւռք մատենաշար»-ը ներկայացնող Մարկ Նշանեանի ընդհանուր նախաբանը եւ գիրքի խմբագիր Արթուր Անդրանիկեանի յատուկ յառաջաբանը։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նիկողոս Սարաֆեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Խոնարհները

Խոնարհները վերնագիրով եւ հինգ պատմուածքներէ բաղկացող ժողովածու մը հրատարակուած է 1920-ին, Պոլսոյ մէջ, իսկ լման հրատարակութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1958-ին Պէյրութի մէջ։ Խոնարհները ընթերցողին կը ներկայացնէ գիւղի կեանքը, զանազան «խոնարհ» մարդոց կեանքերու ընդմէջէն։ Գիրքի վերջաւորութեան կայ նաեւ Յակոբ Օշականի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Հայ աղբրտիք

Հայ աղբրտիք արձակ ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1941-ին Փարիզի մէջ։ Պէշիկթաշլեանի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ զանազան քաղաքներու հայ կերպարներ՝ պոլսեցի, վանեցի, ակնցի, կեսարացի, իզմիրցի եւ շատ ուրիշներ։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նշան Պէշիկթաշլեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Կը հրաժարիմ հայութենէ

Կը հրաժարիմ հայութենէ վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1949-ին, Փարիզի մէջ։ Փօլատեանի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի մէջ հաւաքուած մի քանի երիտասարդի պատմութիւնը։ Ի՞նչ կը պատահի երբ անոնցմէ մէկը յուսահատի իր շրջապատէն։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Կարօ Փօլատեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը

Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը գիրքը ընթերցողը կը տանի կենդանիներու աշխարհ մը, ուր գայլը վերջապէս կը հանդիպի իրմէ աւելի ուժովին։ Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։