մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Իրագիտութիւն

Հրաչ Տասնապետեանի «Իրագիտութիւն» ընդհանուր վերնագիրը կրող դասագիրքերու այս շարքը արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտական նիւթերու հարուստ աղբիւր մըն է։ Որպէս դասագիրք պատրաստուած ու հինգ հատորէ բաղկացող այս շարքը 20րդ դարու 60ական թուականներէն ի վեր լայնօրէն գործածուած է եւ բազմաթիւ հրատարակութիւններու արժանացած է։ Ընթերցողը այստեղ կը հանդիպի բնութեան կազմակերպութեան, անոր տրամաբանական կանոնաւորութեան, բոյսերու եւ կենդանիներու կազմուածքին, անկենդան տարրերու […]

Մեղրադդում

Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի… Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ, մեղր ու կարագ լեցուցի… Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ, մեղր ու կարագ լեցուցի, թոնիրին մէջը կախեցի… Ղափամա, ղափամա, -դրացիին անունը- մեզի հիւր թող գայ…

Շաբթուան օրերը

Երկուշաբթի՝ Որո՞ւն գուլպան կը հոտի… Երեքշաբթի՝ Հոտէն քիթս կը փրթի… Չորեքշաբթի՝ Մնացի առանց քիթի… Հինգշաբթի՝ Փրթած քիթս թուքով փակցուցի… Ուրբաթ՝ Վա՛յ, փրթած քիթս թուքով սխալ փակցուցի… Շաբաթ՝ Թուքով սխալ փակած, փրթած քիթս կը ծռի՜… Կիրակի՝ Գուլպա՛դ փոխէ, թուքով սխալ փակած, փրթած, ծո՛ւռ քիթս նորէն չփրթի…

Կաթսային մէջ

Տերեւը՝ որթատունկի տերեւը… Միջուկը՝ սոխը ձէթը բրինձը, ազատքեղը, անանուխը, համեմը եւ լեմոնը… Որթատունկի տերեւը, մէջը դրի միջուկը՝ սոխը ձէթը բրինձը, ազատքեղը, անանուխը, համեմը եւ լեմոնը… Աջէն ձախէն ծալեցի եւ մատիկ մատիկ փաթթեցի… Աջէն ձախէն ծալեցի, մատիկ մատիկ փաթթեցի եւ կաթսային մէջ քով քովի շարեցի… Աջէն ձախէն ծալեցի, մատիկ մատիկ փաթթեցի, կաթսային մէջ քով քովի շարեցի […]

Երկար թել

Կը մանէ, կը մանէ, մեծ մայրիկը կը մանէ, բուրդ ու բամպակ կը մանէ… Կը փաթթէ, կը փաթթէ, մեծ մայրիկը կը փաթթէ, երկար թելը կը փաթթէ… Կը հիւսէ, կը հիւսէ, մեծ մայրիկը կը հիւսէ, պատմութիւն մը կը հիւսէ… Կը պատմէ, կը պատմէ, մեծ մայրիկը կը պատմէ, պատմութիւնը անվերջ է… Այս աշխարհը կլոր է…