Հայրենի աղբիւր – Պատրաստական

Զնտուկի վրայ ներկայացուած են օրինակ էջեր՝
Հայրենի աղբիւր

Միջնակարգի «Հայրենի աղբիւր» դասագիրքերու շարքը բաղկացած է չորս գիրքերէ, նախատեսուած միջնակարգի համար։ Ըստ տեղական պահանջներու, շարքը կարելի է գործածել երկրորդականի բաժիններուն մէջ եւս, շնորհիւ գիրքին կառոյցին, որ ուսուցիչին տրամադրութեան տակ կը դնէ գործածութեան մէկէ աւելի մակարդակներ եւ տարազներ։ Գիրքերը բաղկացած են դասերէ, որ կը տարածուին քանի մը դասապահերու վրայ։ Աշակերտներուն վարժեցնելու համար լեզուական հմտութիւններու մէջ, […]
Հայերէնի գիրքս 6

նախատեսուած վեցերորդ դասարանի համար։ Կը պարունակէ գրական գործեր, առօրեայ կեանքէն առնուած նիւթեր, հայոց պատմութենէն առնուած դրուագներ եւ տիպարներ, քերականական աշխատանքներ։
Հայերէնի գիրքս 5

նախատեսուած հինգերորդ դասարանի համար։ Կը պարունակէ գրական գործեր, առօրեայ կեանքէն առնուած նիւթեր, հայոց պատմութենէն առնուած դրուագներ եւ տիպարներ, քերականական աշխատանքներ։
Հայերէնի գիրքս 4

նախատեսուած չորրորդ դասարանի համար։ Կը պարունակէ գրական գործեր, առօրեայ կեանքէն առնուած նիւթեր, հայոց պատմութենէն առնուած դրուագներ եւ տիպարներ, քերականական աշխատանքներ։
Հայերէնի գիրքս 3

նախատեսուած երրորդ դասարանի համար։ Կը պարունակէ գրական գործեր, առօրեայ կեանքէն առնուած նիւթեր, հայոց պատմութենէն առնուած դրուագներ եւ տիպարներ, քերականական աշխատանքներ։
Հայերէնի գիրքս

Պատմութիւններ, երգեր, խաղեր, վարժութիւններ։ Այս բոլորին միջոցաւ լեզուի դասը կը դառնայ հաճելի։ Ընտրուած նիւթերը մօտ են ընթերցող աշակերտին առօրեայ կեանքին, բան մը, որ աւելի հետաքրքրական եւ մատչելի կը դարձնէ դասը աշակերտին համար։ Շարքը բաղկացած է չորս գիրքերէ, նախատեսուած նախակրթարանի երրորդ դասարանէն մինչեւ վեցերորդ դասարան։ Իւրաքանչիւր դաս կը բաղկանայ ընթերցանութեան բաժինէ մը, որուն կը հետեւի հարցումներու […]
Ոչխարներու նման բուրդ ունենայինք

Մարօճան տեսաւ գառնուկ մը ու հարցուց ինքն իրեն. «Եթէ ես ալ գառնուկի մը պէս բրդոտ ըլլայի՝ ինչպէ՞ս կը փոխուէր կեանքս»։ Ձմրան հաստ հագուստներու պէտք չէր ունենար, բայց ամրան կը քրտնէր։ Այո՛, թերեւս հաճելի ըլլար ընկերներու հետ խաղալը, բայց աղտոտելէ ետք չարչարանքի պիտի վերածուէր լոգնալը։ Մարօճան ի՞նչ պիտի ընէ իր բուրդերով։
Մեծ տղաքը կու լան

Մեծ տղաքը կու լան զգացումներ արտայայտելու, լալու եւ սեռային ինքնութեան վրայ մտորելու մղող գիրք մըն է։ Լեւիկ, մտահոգ է վերամուտի առթիւ, հայրը զինքը կը քաջալերէ ու կ՚ըսէ. «Տղաքը չեն լար»։ Բայց Լեւիկ դպրոցի ճամբուն վրայ կը հանդիպի բազմաթիւ տղաներու, որոնք կու լան։ Լեւիկ ինչպէ՞ս պիտի արտայայտէ իր զգացումները։
Թագաւորն ու Ծովը

Թագաւորի մը հանդիպումը ծովուն, շուքին, անձրեւին, ամպին, գիշերուան եւ երկնքին, ուրուականին, ծառին եւ դեռ բազմաթիւ շնչաւոր ու անշունչ առարկաներու հետ…։ Երբեմն ինքզինքը տկար զգալուն՝ բարկացող, երբեմն՝ իր ուժին զարմացող, երբեմն ալ՝ թագաւորութեան սահմաններէն ներս տեղի ունեցածներուն դիմաց խանդավառուող թագաւորին ամէն մէկ հանդիպումը կը պատմուի նուրբ ու զգայուն փոքր հեքիաթներով։