Վերամուտ

Սեպտեմբեր, ժպիտով կամ արցունքով, դպրոց գացող մանուկնե՜ր, իսկ ծառերէն կը տեղան կարմիր դեղին տերեւնե՜ր… Հոկտեմբեր, նոյեմբեր, երկինքին մէջ երա՜մ երամ հեռացող թռչուններ, կը մօտենայ ցո՜ւրտ ձմեռ… Դեկտեմբեր, փափո՜ւկ փափուկ փաթիլներ, կարմիր կանանչ զարդարուած եղեւիններ, փա՛ս փայլուն աստղիկներ, բարի՜ բարի մաղթանքներ… Հին տարին կը գլորի, նոր տարին կը սկսի, բոլորը ձեռք ձեռքի կը բռնեն շուրջպար, ահա […]
Քանի՞ հրեշտակ

Փա՛ս փայլուն լուսապսակ, մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ, սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ… Փա՛ս փայլուն լուսապսակ, մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ, սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ, քնար նուագող երկու հրեշտակ… Փա՛ս փայլուն լուսապսակ, մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ, սրինգ նուագող մէկ հրեշտակ, քնար նուագող երկու հրեշտակ, երկար փողերով երեք հրեշտակ… Փա՛ս փայլուն լուսապսակ, մետաքս հագուստ ճե՛փ ճերմակ, սրինգ նուագող մէկ […]
Մսուրը

Կար ու չկար ախոռ մը կար, ախոռին մէջ յարդով լեցուն մսո՛ւր մը կար… Իշուկը կը զռար՝ ի աա՜, յարդով մսուրը ի՛րն էր, իսկ կովուկը կը բառաչէր՝ մուո՜ւ, համաձայն չէ՛ր, յարդով մսուրը ի՛րն էր… Կար ու չկար ախոռ մը կար, ախոռին մէջ անվերջ կռիւ կար… Գիշեր մը երկու այցելուներ՝ այր ու կին ախոռին դռնակը հրեցին ու […]
Կաղանդ պապուկ

Կաղանդ է, կաղանդ է, Կաղանդ պապուկը ո՞ւր է… Կաղանդ է, կաղանդ է, Կաղանդ պապուկը հոս է… Գլխարկը կարմիր է, մօրուքը երկար է… Կաղանդ է, կաղանդ է, Կաղանդ պապուկը ո՞ւր է… Կաղանդ է, կաղանդ է, Կաղանդ պապուկը հոս է… Գլխարկը կարմիր է, մօրուքը երկար է… Մօրուքը երկար է, փորիկը կլոր է… Կաղանդ է, կաղանդ է, Կաղանդ […]
Տօնածառ

Փաթիլ փաթիլ ձիւն կը տեղայ ծառերուն վրայ, իսկ մեր երդիքին տակը տօնածառ մը կայ… Տօնածառ տօնածառ, շուրջը երգ ու պար… Տօնածառ տօնածառ, ճիւղէն կախուած մաղթանք մը կայ Շուշիկին համար… Ուրախ ըլլաս, Շուշի՜կ… Փաթիլ փաթիլ ձիւն կը տեղայ ծառերուն վրայ, իսկ մեր երդիքին տակը տօնածառ մը կայ… Տօնածառ տօնածառ, շուրջը երգ ու պար… Տօնածառ տօնածառ, […]
Տօն տօն է

Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, մեր դուռը կը թակէ… Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, ձեր դուռը կը թակէ… Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, դռները կը թակէ… Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, կաղին նուշ ընկոյզ, չիր […]
Ընկոյզի խաղ

Թըխկ, չը՛խկ ընկոյզները… Թըխկ, չը՛խկ ընկոյզները… Ընկոյզները ջարդեցի, երկար թելէն անցուցի… Թելին ծայրէն բռնեցի, ռուպին մէջը թաթխեցի, հանեցի, շարա՜ն շարան, շարոցները կախեցի… Թաց է, չոր է, թաց է, չոր է… Թաց է, չոր է, թաց է, չոր է… Թըխկ, չը՛խկ ընկոյզները… Թըխկ, չը՛խկ ընկոյզները… Ընկոյզները ջարդեցի, երկար թելէն անցուցի… Թելին ծայրէն բռնեցի, ռուպին մէջը թաթխեցի, […]
Նկանակը

Նկանակը կը գլորի, որո՞ւն տունը կը հասնի… Նկանակը կը գլորի՜, Շուշիկենց տունը կը հասնի… Շուշի՛կ, Շուշի՛կ դուռը բաց, ձեզի բերինք տարեհաց… Շնորհաւոր, շնորհաւոր, Շուշիկ ըլլաս բախտաւոր… Նկանակը կը գլորի, որո՞ւն տունը կը հասնի… Նկանակը կը գլորի՜, Նուշիկենց տունը կը հասնի… Նուշի՛կ, Նուշի՛կ դուռը բաց, ձեզի բերինք տարեհաց… Շնորհաւոր, շնորհաւոր, Նուշիկ ըլլաս բախտաւոր…
Փայլուն աստղը

Անտառին մէջ զարդարուած ծառ մը կայ, ճիւղերէն երկու սալոր, երեք խնձոր, չորս կաղին, հինգ ստեպղին, փայլուն աստղ մը գագաթին… Սալորը՝ եղնիկին, եղջերուին, խնձորը՝ խըռ խըռ խռկացող ոզնիին, կաղինը՝ սկիւռին, ստեպղինը՝ նապաստակին, փայլուն աստղը՞… Սալորը՝ եղնիկին, եղջերուին, խնձորը՝ խըռ խըռ խռկացող ոզնիին, կաղինը՝ սկիւռին, ստեպղինը՝ նապաստակին, փայլուն աստղը չամիչ ուտող Շուշիկին… Շուշիկին աչուկները փաս փայլուն, […]
Կարմիր կանանչ կաղանդը

Անտառին մէջ եղեւին մը, ճիւղին վրայ կարմրալանջ մը, կտուցին կարմիր, կանանչ կաղանդը… Անտառին մէջ եղեւինը, կարմրալանջը, կարմիր, կանանչ կաղանդը… Անտառին մէջ եղեւին մը, ճիւղին վրայ փայտփորիկ մը, կտուցով թաքա թաքա թաք փչակը… Անտառին մէջ եղեւինը, կարմրալանջը, փայտփորիկը, թաքա թաքա թաք, կարմիր, կանանչ կաղանդը… Անտառին մէջ եղեւին մը, ճիւղին վրայ սկիւռիկ մը, կաղինով եւ ընկոյզով լեփ […]